ԵՐԵՒԱՆ.- Աշխարհահռչակ երաժիշտ Եաննի, Սեպտեմբեր 23ին համերգով հանդէս պիտի գայ Հայաստանի մէջ: Համերգը կը կազմակերպէ «Invitro Production & VT Entertainment» արտադրական ընկերութիւնը: Անիկա պիտի կայանայ Կ. Դէմիրճեանի անուան մարզահամերգային համալիրին մէջ:
Եաննիին հետ Հայաստան պիտի գան շուրջ 40 երաժիշտներ, որոնք սովորաբար կ՛ուղեկցին անոր: Համերգը պիտի տեւէ շուրջ երկու ժամ:
Տոմսերը վաճառքի մէջ պիտի ըլլան Օգոստոս 10էն: Անոնք պիտի արժեն 7-60 հազար դրամ: