ՀԱԼԷՊ, «Գանձասար».- Մասնակցութեամբ 91 մարզիկներու եւ հովանաւորութեամբ Հալէպի մարզական դաշնակցութեան, վերջ գտաւ մէկ շաբթուան տեւողութեամբ կայացած Հալէպի թենիսի կրտսերներու

ախոյեանութեան աղջկանց եւ տղոց մրցաշարքը, ուր ՀՄԸՄի մարզիկները շարունակելով իրենց յաղթական ընթացքը՝ արձանագրեցին տպաւորիչ արդիւնքներ: Տղոց մրցումներուն, Հայկ Դաւիթեան, իր հօր՝ Սուրիոյ տարիներու թենիսի ախոյեան Դաւիթին, յաղթական ճանապարհը շարունակելով՝ տիրացաւ Հալէպի ախոյեանութեան:
Հայկը, բարձրորակ խաղով յաջողեցաւ պարտութեան մատնել իր բոլոր մրցակիցները եւ հասնիլ աւարտական մրցումի, որուն ընթացքին պարտութեան մատնեց Ժան Սիուֆին եւ տիրացաւ Հալէպի ախոյեանութեան:
12 տարեկանէն վար աղջկանց մրցումներուն, ՀՄԸՄի լաւագոյն կրտսեր մարզկուհի Կալին Պազոյեան, մեծ շուքով իր մասնակցութիւնը բերաւ Հալէպի ախոյեանութեան մրցումին եւ գրաւեց երրորդ դիրքը: Մրցաշարքի ընթացքին Կալինը յաջողեցաւ պարտութեան մատնել իրմէ տարեց խաղացողները, որոնք թէեւ ինքնավստահ մուտք գործեցին մրցումներուն, բայց ենթարկուեցան պարտութեան: