ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Թերթ».- Քարվաճառ շրջանի գիւղական համայնքներու ղեկավարներուն եւ Արցախի Հանրապետութեան վարչապետ Արա Յարութիւնեանի հետ կայացած հանդիպման ընթացքին, արծարծուեցաւ գիւղական մթերքներու արտադրութենէն ստացուած բերքի իրացման հարցը:
Ինչպէս կը յայտնէ «Արցախթուտէյ» կայքը, տարուէ-տարի այստեղ կը բարձրանայ արտադրուող մթերքին քանակը, բայց վատ ճանապարհները եւ շրջանի գիւղերուն հեռաւորութիւնը մայրաքաղաքէն կը դժուարացնեն արտադրանքին փոխադրումը դէպի Ստեփանակերտ:
Հետեւաբար, վարչապետը խոստացաւ շրջանին մէջ բանալ կաթնամթերքի վերամշակման գործարան: Սակայն, հաշուի առնելով Արցախի այլ շրջաններու փորձը՝ վարչապետը նախօրօք երաշխաւորութիւն ստացաւ գիւղացիներէն, թէ անոնք կաթը պիտի յանձնեն գործարանին: