ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
Եթէ Նախագահ Օպամա չվերընտրուի երկրորդ շրջանի համար, ապա այդ բանին համար Օպաման պէտք է

մեղադրէ միայն ինքզինք: Ճիշդ է, որ Օպամային ժառանգութիւն մնացին Պուշի վարչակազմին կողմէ նախաձեռնուած պատերազմները Իրաքի եւ Աֆղանիստանի մէջ, ինչպէս նաեւ քայքայուած տնտեսութիւնը, սակայն ան ոչ միայն չյաջողեցաւ երկիրը դուրս հանել այդ ճահիճէն, այլեւ որոշ առումներով՝ խնդիրները ա՛լ աւելի խորացուց:
Թերեւս նախագահ Օպամայի ամենամեծ ձախողութիւնը՝ ամերիկեան հասարակութեան յոյսերուն ու սպասելիքներուն ի դերեւ հանելն էր. թէեւ շատ քաղաքական գործիչներ պարբերաբար կու տան խոստումներ, որոնք չեն կատարուիր, ընտրողները վստահեցան այս իւրայատուկ նախագահի հաւաստիացումներուն, թէ՝ «Այո՛, մենք կրնանք» ընել «փոփոխութիւն»ը:
Ցաւօք, պաշտօնը ստանձնելէն շատ չանցած, նախագահ Օպամա ապացուցեց, թէ ինք նոյնպէս անսկզբունք քաղաքական գործիչ մըն է՝ չյարգելով Հայոց Ցեղասպանութիւնը ընդունելու իր լուրջ խոստումը եւ օգտագործելով անբարոյ բառախաղեր, որոնց համար ի՛նք անձամբ անցեալին խստօրէն մեղադրած էր իր նախորդները: Ան նաեւ չկատարեց հարիւրաւոր այլ հարցերու կապակցութեամբ տուած իր խոստումները՝ վտանգելով իր վստահելիութիւնը, որուն իբրեւ հետեւանք՝ իր ժողովրդականութիւնը մեծ անկում ապրեցաւ:
Կորսնցնելով իրենց վստահութիւնը նախագահ Օպամայի նկատմամբ՝ ամերիկացիները այլեւս լուրջ չեն վերաբերիր անոր հետ, նոյնիսկ, երբ ան կը փորձէ ճիշդ քայլեր կատարել: Անցեալ շաբաթ, ան հրապարակեց զանգուածային վայրագութիւնները եւ ցեղասպանութիւնը կանխարգիլելու մասին կարեւոր «նախագահական հրամանագիր»ը՝ յանձնարարելով 120 օրուան ընթացքին ստեղծել «Վայրագութիւնները կանխարգիլելու միջնախարարական խորհուրդ»: Այս նորաստեղծ խորհուրդի կազմին մէջ, այլոց շարքին պէտք է ընդգրկուին նաեւ ԱՄՆ կառավարութեան բարձրաստիճան պաշտօնեաներ, ներառեալ՝ փոխնախագահը, արտաքին, պաշտպանութեան, գանձապետարանի եւ ներքին անվտանգութեան հարցերու նախարարները, գլխաւոր դատախազը, Ազգային անվտանգութեան հարցերով խորհրդատուն, Կեդրոնական հետախուզութեան վարչութեան, Ազգային ապահովական խորհուրդի եւ Պաշտպանութեան հետախուզութեան վարչութեան տնօրէնները:
Այս հրամանագիրով, նախագահ Օպամա կը նշէ, թէ «Զանգուածային վայրագութիւնները եւ ցեղասպանութեան կանխարգելումը Միացեալ Նահանգներու ազգային անվտանգութեան գերագոյն հարցն է եւ բարոյական գերագոյն պատասխանատուութիւնը»: Ան յայտարարեց. «Պատմութիւնը մեզ սորվեցուցած է, թէ մեր ցանկութիւնը՝ տեսնելու աշխարհ մը, ուր պետութիւնները պարբերաբար չեն ջարդեր քաղաքացիներ, յաջողութեան չի հասնիր առանց համաձայնեցուած եւ համակարգուած ջանքի»: Նախագահ Օպամային պէտք է յիշեցնել փիլիսոփայ Ճորճ Սանթայեանի իմաստուն խօսքերը. «Անոնք, որոնք չեն կրնար յիշել անցեալը, դատապարտուած են զայն կրկնելու»: ԱՄՆի պաշտօնեաները ինչպէ՞ս կրնան ապագայի ցեղասպանութիւնները կանխարգիլելու որեւէ արժանահաւատ քայլ առնել, եթէ կը մերժեն ճանչնալ անցեալի ցեղասպանութիւնները:
Որպէսզի այս «Զանգուածային վայրագութիւններ»ու հարցերով գերատեսչութիւնը վստահութիւն ձեռք բերէ, նախագահ Օպաման պէտք է նախ վերջ տայ Ցեղասպանութեան հետ քաղաքական խաղեր խաղալուն, ճանչնայ նախկին «զանգուածային վայրագութիւնները» եւ համապատասխան դասեր քաղէ անոնցմէ: Այլապէս, անոր նոր հրամանագիրը պիտի դառնայ պարզապէս իր վատ վարկանիշը բարձրացնելու մէկ այլ ճարպիկ հնարք:
Ի դէպ, նախագահ Օպամա բաւական ճիշդ բաներ ըսաւ իր հրամանագիրին մէջ, երբ մէջբերեց զանգուածային վայրագութիւններու եւ ցեղասպանութեանց պատմական օրինակներ. «Ողջակիզումէն վաթսուն տարիէ եւ Ռուանտայէն 17 տարիէ ի վեր, Միացեալ Նահանգները տակաւին չունի զանգուածային վայրագութիւնները եւ ցեղասպանութիւնը կանխարգիլելու եւ անոնց արձագանգելու համար համապարփակ քաղաքականութիւն եւ համապատասխան միջգերատեսչական կառոյց»: Հետաքրքրական է այն, որ նախագահ Օպաման սկսաւ ցեղասպանութեան պատմական վկայակոչումը Ողջակիզումէն՝ խուսափելով յիշատակելէ Հայոց Ցեղասպանութիւնը՝ 20րդ դարի առաջին ցեղասպանութիւնը: Եթէ Միացեալ Նահանգները լուրջ է զանգուածային վայրագութիւններուն եւ ցեղասպանութեանց դէմ պայքարելու հարցով, ապա պէտք է նախ հրաժարի քաղաքական նկատառումներով պատմական փաստերը հերքելէն եւ խեղաթիւրելէն:
Իր հրամանագիրով նախագահ Օպամա առաջարկեց, որ կայանալիք միջնախարարական խորհուրդը հաշուի առնէ արտաքին գործոց նախկին նախարար Մատլեն Ք. Օլպրայթի եւ պաշտպանութեան նախկին նախարար Ուիլեըմ Քոհենի կողմէ նախագահուող՝ Ցեղասպանութեան կանխարգելման հարցերու յանձնախումբին առաջարկութիւնները: Ասիկա մեծ սխալ է, քանի որ այս երկու պաշտօնատար անձերը նամակ ուղարկած էին Քոնկրեսին՝ դէմ արտայայտուելով Հայոց Ցեղասպանութեան բանաձեւի ընդունման: Ինչպէ՞ս կրնան ցեղասպանութիւն ժխտողները ապագայ ցեղասպանութիւնները կանխարգիլելու համար ճիշդ ուղղութիւն տալ: Այս երկու նախկին բարձրաստիճան պաշտօնեաները կորսնցուցած են ցեղասպանութեան նիւթին շուրջ որեւէ յայտարարութիւն կատարելու բարոյական իրաւունքը:
Նախագահ Օպամա անցեալ շաբաթ նաեւ ընդունեց հռչակագիր մը, որով կ՛արգիլէ Միացեալ Նահանգներ մուտքը այն անձերուն, որոնք մասնակցած են քաղաքացիներու դէմ «համատարած կամ շարունակական բռնութիւն»ներու եւ իրականացուցած «պատերազմական յանցագործութիւններ, մարդկութեան դէմ ոճիրներ կամ մարդու իրաւունքներու այլ լուրջ խախտումներ»:
Ահա նախագահին վերոյիշեալ երկու նախաձեռնութիւններուն կապակցութեամբ իմ համեստ առաջարկութիւնները.
1- Քանի որ Ցեղասպանութեան զոհերու յետնորդները ունին իւրայատուկ զգայնութիւն՝ զանգուածային բռնութեանց գործողութիւններուն կապակցութեամբ, նախագահ Օպամա պէտք է «Վայրագութիւններու կանխարգելման միջնախարարական խորհուրդ»ի կազմէն ներս նշանակէ այդ տուժած խումբերէն մէկական անդամ, առնուազն՝ խորհրդատուական ձայնի իրաւունքով.
2- Ցեղասպանութիւնները կանխարգիլելու համար, նախագահ Օպամա պէտք է արգիլէ Միացեալ Նահանգներ մուտքը ոչ միայն այն անձերուն, որոնք մասնակցած են մարդու իրաւունքներու հսկայական խախտումներու, այլեւ՝ ցեղասպանութիւնը ժխտողներուն, որովհետեւ հերքումը ցեղասպանութեան գործընթացին վերջին քայլն է, եւ հետագայ ցեղասպանութիւններ գործելու՝ արտօնագիրը:
ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈԻՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր
Թարգմանեց՝
ԿԱՐԻՆԷ ԳԷՈՐԳԵԱՆ