ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- Հինգ ամիս առաջ ատրպեճանական գերութենէ վերադարձած Արթուր

Բադալեանի բողոքը՝ ընդդէմ Ատրպէյճանի, արդէն ուղարկուած է Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարան: Շուրջ երկու տարի գերութեան տակ գտնուած Հայաստանի 32ամեայ քաղաքացին կը բողոքէ զինք գերեվարելու ու իրեն հանդէպ ցուցաբերուած անմարդկային վերաբերմունքին համար:
Տաւուշի մարզի Հաղարծին գիւղի բնակիչին՝ Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարան դիմում պատրաստելու գործով օգնած է Վանաձորի մէջ գործող «Ռազմավարական դատավարութիւններու կեդրոն» իրաւապաշտպան նորաստեղծ կազմակերպութիւնը:
Արթուր Բադալեան, երկու տարի առաջ ընկերներուն հետ սունկ հաւաքելու ժամանակ, մոլորուելով Ատրպէյճանի սահմանակից Տաւուշի մարզի անտառներուն մէջ՝ անցած էր սահմանը: Անոր գտնուած վայրին մասին ատրպեճանական իշխանութիւնները չյայտնեցին, մինչեւ որ Կարմիր Խաչի միջազգային կոմիտէն գերեվարումէն շուրջ մէկուկէս տարի ետք Արթուրը յայտնաբերեց ատրպեճանական զօրամասերէն մէկուն մէջ: Մինչ այդ, անոր ընտանիքն ու Հայաստանի իշխանութիւնները տեղեկութիւններ չունէին Բադալեանի մասին: Արթուր Բադալեան պատմած էր իրեն հանդէպ ցուցաբերուած վերաբերմունքին մասին՝ ըսելով, որ զինք պահած են անօթի, ցուրտ ու խոնաւ խուցի մը մէջ, ենթարկած են խոշտանգումներու եւ հոգեբանական ճնշումներու:
Նախկին գերին «Ընդդէմ իրաւական կամայականութիւններու» հասարակական կազմակերպութեան աջակցութեամբ, Երեւանի մէջ բուժում ստացած է: Բադալեանի առողջութեան, ինչպէս նաեւ գերութեան առնչուող փաստաթուղթերը, փաստաբանը կցած է Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարան ուղարկուած գործին:
Ասիկա առաջին դէպքն է, երբ հայկական կողմը կ՛որոշէ դատի տալ Ատրպէյճանը՝ իր քաղաքացին խոշտանգումներու ենթարկած ըլլալուն համար:
Փաստաբանին կարծիքով, դատարանին կողմէ որոշում կայացնելու համար կը պահանջուի քանի մը տարի: Անիկա պիտի դառնայ նախադէպ՝ այլ դէպքերու համար եւս, կը նշէ ան:
Կարմիր Խաչի միջազգային կոմիտէին տուեալներով, Ատրպէյճանի մէջ ներկայիս կայ երեք հայ ռազմագերի եւ հինգ հոգինոց մէկ ընտանիք, իսկ Հայաստանի մէջ՝ մէկ ատրպէյճանցի ռազմագերի: