ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Ատրպէյճանի նախագահի այդ խօսքերը, թէ՝ ղարաբաղեան հակամարտութեան բանակցութիւնները պէտք է շարունակուին, դրական տարր կը պարունակեն: Այս մասին Օգոստոս 11ին

կայացած զրոյցի մը ընթացքին յայտարարեց ՀՅԴ Հայ Դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի ղեկավար Կիրօ Մանոյեան, մեկնաբանելով Ռուսիոյ եւ Ատրպէյճանի նախագահներուն՝ Սոչիի մէջ Օգոստոս 9ին կայացած հանդիպումը: Անոր խօսքով, հիմքեր չկան հանդիպումը բացասական գնահատելու համար:
Ըստ Մանոյեանի, միւս կողմէ, Ալիեւի այս յայտարարութիւնը կը վկայէ, թէ Ատրպէյճան դժգոհ է միջնորդներու առկայ առաջարկներէն եւ կը փափաքի հետագայ բանակցութիւններուն միջոցով որեւէ բան փոխել:
Մանոյեան տարօրինակ բան մը նկատած է Ալիեւի խօսքին մէջ. «Մինչ այդ, անընդհատ կը խօսէին, թէ ան կը փափաքի ղարաբաղեան հակամարտութիւնը կարգաւորել միջազգային իրաւունքի հիման վրայ, իսկ այժմ Ալիեւ ըսած է, թէ խօսքը միջազգային իրաւունքի եւ ողջամտութեան մասին է: Ողջամտութիւնը, ի հարկէ, լաւ է, բայց շատ տարողունակ հասկացութիւն է: Կը նշանակէ՝ Ալիեւը չի բաւարարեր բացառապէս միջազգային իրաւունքի վրայ հիմնուած լուծումը», ընդգծեց Մանոյեան:
Ամփոփելով իր խօսքը՝ Մանոյեան ըսաւ, որ հանդիպումը լաւատեսութեան առիթ չի կրնար ըլլալ: «Ատիկա փոքրիկ քայլ էր փաստելու, թէ բանակցութիւնները պիտի շարունակուին եւ պատերազմ պիտի չըլլայ: Բայց Ատրպէյճանի համաշխարհային դիրքորոշումը չի փոխուիր եւ պիտի չփոխուի ապագային», ըսաւ ան:
Նշենք, որ Օգոստոս 9ին, Իլհամ Ալիեւ Տմիթրի Մետվետեւի հրաւէրով այցելած էր Սոչի. հանդիպումը տեւած էր չորս ժամ: Հանդիպման ընթացքին խօսուած էր ղարաբաղեան հակամարութեան կարգաւորման գործընթացին մասին: