ՎԵՆԵՏԻԿ.- Երկարատեւ ընդմիջումէ ետք, «æրահարսերու քաղաք»ը՝ Վենետիկ, կրկին հիւրընկալեց աշխարհահռչակ հայ դաշնակահարուհի Սուետլանա Նաւասարդեանը:
«Պօ-Արաքս» մշակութային միութեան աջակցութեամբ, Վենետիկի Մուրատ Ռաֆայէլեան վարժարանի «Տիէփոլեան» դահլիճին մէջ, իտալացի երաժշտասէր հանրութիւնը բացառիկ կարելիութիւն մը ստացաւ՝ մասնակցելու հայկական երաժշտական տօնին: Վենետիկեան երաժշտական երեկոն Սուետլանա Նաւասարդեանի կողմէ բացուեցաւ Պախի յօրինումներով: Հնչեցին նաեւ Մոցարթի, Շոփենի, Կոմիտասի, Արամ Խաչատրեանի ստեղծագործութիւնները:
Մենահամերգը իրականացաւ Քաֆոսքարի համալսարանի հայոց լեզուի եւ մշակոյթի ամառնային խտացեալ դասընթացքին ծիրէն ներս: