ԱՆԳԱՐԱ, «Ռոյթըրզ».- Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմետ Տաւութօղլու թրքական «Էն.Թի.Վի.» կայանին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին վստահեցուց, որ եթէ Սուրիոյ վարչակարգին եւ ժողովուրդին միջեւ ընտրանք մը կատարելու ստիպուի, ապա Անգարա ժողովուրդին կողքին պիտի կանգնի։
Միւս կողմէ, Քաթարի իշխան Համատ պըն Խալիֆա Թանի յայտնեց. «Ապահովական լուծումին ձախողութիւնը փաստուեցաւ, եւ սուրիացի ժողովուրդը, որ փոփոխութիւն, արդարութիւն եւ ազատութիւն պահանջելով ժողովրդային իսկական ապստամբութեան համար դուրս եկաւ, կը թուի, թէ իր վճարած գինէն ետք իր պահանջներէն պիտի չհրաժարի»։
Իշխանը յոյս յայտնեց, որ Սուրիոյ ղեկավարութիւնը Սուրիացի ժողովուրդին ձգտումներուն համապատասխանող բարեփոխումներ կ՛իրականացնէ՝ միաժամանակ դէմ արտայայտուելով օտար ուժերու միջամտութեանց: