
ՃԵՔՍԸՆ ՀՈԼ, Ուայոմինկ, «Ռոյթըրզ».- Առեւտրական շուկաներու կողմէ շաբաթներէ ի վեր ակնկալուող Միացեալ Նահանգներու դաշնակցային պահեստի ատենապետ Պեն Պըրնենքիի՝ Ուրբաթ, Օգոստոս 26ի ելոյթին ընթացքին, տնտեսութիւնը խթանելու նպատակով անմիջական ծրագիրներ չառաջարկուեցան, որովհետեւ Պըրնենքի յայտարարեց, թէ լաւատես է տնտեսութեան ապագայով:
Անոր այս յայտարարութիւնն իսկ բաւարար եղաւ բաժնետոմսերու շուկաներուն մէջ գիներու անկումը զսպելու, եւ դրական ոստում մը պատճառեցին, հակառակ այն իրողութեան, որ նոյն օրը հաղորդուած էր, թէ գարնան, Միացեալ Նահանգներու մէջ արձանագրուած տնտեսութեան աճը (միայն մէկ տոկոս) ակնկալուածէն ու նախագուշակուած համեմատութենէն (1.3 տոկոս) նուազ եղած էր:
Նոր տուեալներուն համաձայն, տնտեսութիւնը այս տարուան առաջին կիսուն միայն 0.87 տոկոսով աճած է:
Պըրնենքի նաեւ շեշտեց, թէ տնտեսութիւնը աւելի ամուր հիմքի վրայ դնելու գլխաւոր պատասխանատուները կը մնան Սպիտակ տունն ու Քոնկրեսը՝ միաժամանակ պատրաստակամութիւն յայտնելով միջամտելու, եթէ տնտեսութիւնը նահանջի նշաններ ցոյց տայ:
Keep to concentrate your stage, this is great blog.