ԵՐԵՒԱՆ, «Թեր»չ.- 30-31 Օգոստոսին, Կ. Դեմիրճեանի անուան մարզահամերգային համալիրին մէջ տեղի պիտի ունենայ ՀՀ արտաքին գործոց նախարարութեան (ԱԳՆ) կեդրոնական մարմինի եւ արտերկրի մէջ ՀՀ դիւանագիտական ներկայացուցչութիւններու ղեկավարներու հանդիպումը:
Խորհրդակցութեան ընթացքին ելոյթ պիտի ունենայ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան: Խորհրդակցութեան օրերուն, ԱԳՆ կեդրոնական մարմինի եւ դիւանագիտական ներկայացուցչութիւններու ղեկավարները պիտի հանդիպին նաեւ ՀՀ Ազգային ժողովի նախագահ Յովիկ Աբրահամեանի, վարչապետ Տիգրան Սարգսեանի, կարգ մը նախարարութիւններու եւ գերատեսչութիւններու ղեկավարներու հետ:
Հանդիպման մասնակիցները պիտի քննարկեն Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան առնչուող հարցեր եւ միջազգային յարաբերութիւններուն մէջ պատահող զարգացումները:
Կը նախատեսուի նաեւ հաւաքի մասնակիցներուն այցելութիւնը Սուրբ Էջմիածին:
Սեպտեմբեր 1ին, հաւաքի մասնակիցները «Հայաստանը եւ արտաքին աշխարհը» թեմայով դասախօսութիւններով հանդէս պիտի գան Երեւանի համալսարաններուն մէջ, կը հաղորդէ ԱԳՆ մամլոյ ծառայութիւնը: