ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ
Հայաստանի անկախութեան ու ազատ պետականութեան վերականգնման քսանամեակը, բնականաբա՛ր, հպարտութեամբ կը համակէ ամէն հայու միտքն ու հոգին։
Քսան տարի պիտի ընէ շուտով, որ Հայաստանն ու հայ ժողովուրդը թօթափած են խորհրդային 70ամեայ ամբողջատիրութեան դառն ու դաժան լուծը։
Ոչ միայն հայրենի հողի վրայ ապրող հայութիւնը, այլեւ սփիւռս աշխարհի հայրենահան ու հողմացրիւ եղած հայու բեկորները, այս օրերուն, կը վերյիշեն 21 Սեպտեմբեր 1991ի Անկախութեան Հանրաքուէին բախտորոշ քայլը, կը վերանորոգեն երթը շարունակելու համազգային վճռականութիւնը եւ հաշուեկշռի կ՛ենթարկեն հայոց հայրենիքի եւ պետականութեան քսանամեայ անկախութեան ու ազատութեան նուաճումները եւ տեղքայլները, ոստումներն ու ընկրկումները։
Բնական է, որ միայն յաջողութիւններու պայծառ դէմքով չի ներկայանար վերանկախացեալ Հայաստանի Հանրապետութեան քսանամեակը։ Հայու յիշողութեան պաստառին վրայ կողք–կողքի կը տողանցեն վառ յոյսերու եւ դառն հիասթափութեանց մեծ ու փոքր պահերը, համազգային մեր անձկութիւններն ու յաղթական խանդավառութիւնները՝ Արցախի իրողական ազատագրումէն մինչեւ հայասպան Թուրքիոյ հաստատած շրջափակումը, ժողովրդավարական կարգերու քայլ առ քայլ վերականգնումէն ու հաստատումէն մինչեւ ստուերային դրամատիրութեան ու անհակակշռելի խմբիշխանութեան ձեւաւորումը կառավարման ղեկին…
Խորքին մէջ Անկախութեան քսանամեայ երթին ամբողջ տեւողութեան, հայ քաղաքական միտքը իր օրակարգին վրայ միշտ ունեցաւ մեր ձեռքբերումներուն եւ թերացումներուն երկճիւղ հաշուեկշիռը՝ շարունակաբար հետամուտ ըլլալով, որ նուաճուած դրականը աւելիով ամրապնդուի ու ընդարձակուի, իսկ արտաքին ճնշումներու թէ մեր սեփական մեղքերու հետեւանքով կուտակուած սխալներն ու անարդարութիւնները աստիճանաբար սրբագրուին։
Այսօր արդէն կարելի է ինքնավստահութեամբ շեշտել, որ վերանկախացեալ Հայաստանի Հանրապետութիւնը կտրեց… ռուպիքոնը՝ վտանգի գիծը։ 1990ականներու սկզբնական մտավախութիւնները՝ Հայրենիքի Անկախութեան ու Ազատ Պետականութեան գոյատեւելու եւ հզօրանալու հնարաւորութեանց վերաբերեալ, գրեթէ յաղթահարուած են եւ ազգովին թեւակոխած ենք համազգային մեր տեսլականներուն համապատասխան Հայոց Պետական Տունը կառուցելու հանգրուանը։
Կը նշանակէ, որ արդարացում չունին ազգային զգացականութեամբ կամ քաղաքական ամբոխավարութեամբ կատարուող զեղումները՝ օրուան իշխանութեանց շուրջ բոլորուելու եւ միասնականութեամբ արտաքին վտանգները դիմագրաւելու հրամայականին մասին։ Երբ իշխանութիւն մը ինք մաքուր ձեռքերով կառավարում չ՛իրականացներ եւ քաղաքական, տնտեսական թէ ընկերային իր վարքագծով էապէս խոցելի է, հրամայական անհրաժեշտութիւն կը դառնայ անոր արմատական բարեկարգումը կամ փոխարինումը, որպէսզի իշխանութեան հետ եւ անոր պատճառով խոցելի չդառնայ նոյնինքն պետութիւնը եւ հայրենիքը։
Դարերով անկախութենէ, ազգային պետականութենէ եւ ազատութենէ զրկուած մեր ժողովուրդին համար, քսանամեակ մը առաջ, վստահաբար դժուար էր իրարմէ զատորոշել պետութիւնն ու իշխանութիւնը։ Մանաւանդ որ խորհրդային ամբողջատիրութեան ամբողջ շրջանին պետութիւնը նոյնացուած էր Լենինի կամ Ստալինի, իսկ լաւագոյն պարագային՝ Կոմկուսի հետ… Հետեւաբար, 1990ականներուն, թերեւս կրնար հասկնալի ըլլալ, որ հայրենիքի մէջ թէ սփիւռքի տարածքին, հայ բազմութիւնները զգացականօրէն իրարու հետ նոյնացնէին մնայունը՝ յաւերժական պետութիւնը եւ գնայունը՝ օրուան իշխանութիւնը։ Այդ առումով հասունացման կարեւոր փուլ մը բոլորեցինք Անկախութեան վերականգնման առաջին տարիներուն, երբ «Լե՜–ւոն, Լե՜–ւոն» վանկարկելու կամ սփիւռքի տարածքին ուսամբարձ «Լեւոն Թագաւո՜ր» գովազդելու մանկամտութենէն շուտով յանգեցանք… հակառակ բեւեռի ծայրայեղութեան՝ «Լեւոնի ձմեռ»ը բնովելով կամ ՀՀ անդրանիկ նախագահին «ազգային դաւաճանութեան» մէջ մեղադրելով։
Բայց պետականութեան մշակոյթը մէկ օրէն միւսը չի ստեղծուիր, մանաւանդ երբ խօսքը կը վերաբերի ժողովրդավարական կարգերու ապահովման եւ ընկերային արդարութեան իրականացման յանձնառու պետական համակարգերու աւանդոյթին։ Քսանամեայ Հայաստանի Հանրապետութիւնը տակաւին կը գտնուի պետականութեան մշակոյթի կազմաւորման իր սկզբնական փուլին, ուր վտանգը մեծ է՝ խորհրդային դարաշրջանէն ժառանգուած Անձի Պաշտամունքի պետական խեղուած մշակոյթով լեցնելու ժողովրդավարական աւանդոյթի մեծ բացը։
Փաստօրէն 1998ի իշխանափոխութիւնը եւս հիմնական տեղաշարժ մը չբերաւ այս առումով։ Ճիշդ է, Արցախի իրաւական անկախացման, Հայոց Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման ու դատապարտման, ինչպէս նաեւ Հայաստան–Սփիւռք կամրջումի ուղղութիւններով քաղաքական կարեւոր յառաջխաղացք կատարուեցաւ, բայց պետական մտածողութեան հունաւորման եւ ժողովրդավարութեան ու ընկերային արդարութեան հաստատման մշակոյթի առումով՝ ակնբախ տեղքայլ ապրեցանք։ Իշխանութիւնը անձնականացուեցաւ օրուան նախագահի դէմքով, իսկ պետութիւնն ու պետական շահը նոյնացուեցան իշխանաւորի հեղինակութեան եւ նկրտումներուն հետ։ Եւ բնաւ ալ պատահական չէր ախտանշական այն ողբերգութիւնը, որ ատենին տեղի ունեցաւ Երեւանի Առագաստ զբօսավայրին (Պապլաւոք) մէջ, երբ ՀՀ երկրորդ նախագահի թիկնապահները մահացու դաս մը տուին… «պետութեան ղեկավարին» հանդէպ անյարգալից վերաբերում ցուցաբերած æաւախքէն դաշնակցականի մը։
Պետութիւնն ու իշխանութիւնը նոյնացնելու եւ, աւելին, իշխանութիւնը անձնականացնելով՝ պետութիւնը ի վերջոյ իշխանաւորի անձին մէջ խտացնելու այս խարխափումը ահա անդունդի եզրին հասցուցած է հայ քաղաքական միտքը։
2008ի նախագահական ընտրութիւններէն ասդին, Հայաստանի Հանրապետութեան հետ, ազգովին պատանդը դարձած ենք Սերժ Սարգսեան–Լեւոն Տէր Պետրոսեան անձնիշխանական բեւեռացումին։
1 Մարտ 2008ի քաղաքացիական առճակատման ողբերգութիւնը սթափեցման բաւարար ահազանգ չեղաւ եւ այսօր, Հայաստանի անկախութեան ու ազատ պետականութեան վերականգնման քսանամեակին, մեր ժողովուրդին նկատառելի զանգուածը տակաւին կը խարխափի պետութիւնն ու իշխանութիւնը, կառավարութիւնն ու կառավարիչը իրարու հետ շփոթելու, նոյնացնելու եւ մնայուն արժէքը անցողիկի աստիճանին նուազեցնելու մոլորութեան մէջ։
Անշուշտ չենք անտեսեր, որ ժողովրդավարական մշակոյթի մէջ եւս այնքան ալ կտրուկ սահմանագիծ քաշուած չէ պետութեան եւ իշխանութեան, կառավարող ուժին եւ զայն ներկայացնող իշխանաւորի անձին միջեւ։ Բայց ժողովրդավարական կարգերու տակ, երկարատեւ պայքարներու գնով, ժողովուրդները հաստատած են ամէն իշխանութեան եւ ուժի աղբիւրը ըլլալու իրենց անբռնաբարելի իրաւունքն ու քաղաքական–կազմակերպական կենսունակութիւնը։ Կուսակցութիւններն ու հասարակական կազմակերպութիւնները արմատացած են իբրեւ ժողովրդային ինքնակազմակերպման ազդու զէնքեր։ Հանրային կարծիքն ու զայն առաջնորդող զանգուածային հաղորդակցութեան դասական թէ ելեկտրոնային միջոցները ժողովրդային ամէնօրեայ հակակշռի տակ կը պահեն պետական իշխանութեանց բոլոր օղակները անխտիր։ Փոխադարձ հակակշռի եւ հաւարակշռութեան խաղականոնը օրինաչափութիւն դարձած է։
Քսանամեայ Հայաստանը բնականաբար երկար ճամբայ կտրելու կարիքը ունի։
Աստիճանները շրջանցելու եւ երկու–երեք սանդխամատ մէկ անգամէն բարձրանալու փութկոտութեան ծնունդ չեն այսօրինակ ահազանգները, որոնք կը հնչեն հայոց վերանկախացեալ պետականութիւնը օրուան իշխանութեան, դեռ աւելին՝ իշխանաւորի անձին հետ շփոթելու կամ նոյնացնելու մոլորութեանց դէմ։
Մանաւանդ որ դէպի իրաւական ու ժողովրդավարական պետութիւն քայլ առ քայլ եւ հաստատակամ յառաջանալու փոխարէն, մեր պետականութեան ղեկին կանգնած գործիչները անձնատուր եղած են նմանակումներու…
Բազմակուսակցական կառավարման տպաւորութիւն կ՛ուզեն ձգել, երբ անկախութենէն քսան տարի ետք ալ անձերու վրայ խարսխուած կը մնան իշխող կուսակցութիւնները, որոնց անունը կայ, բայց նմանակումէ անդին անցնող կազմակերպութիւնը չկայ։
Մաքուր ձեռքերով տնտեսութեան եւ պետական մեքենայի կառավարման նմանակումը կը փորձեն ցուցադրել, ջայլամի պէս աւազին մէջ թաղելով իրենց գլուխը, որպէսզի ժողովուրդը չտեսնէ, թէ ինչպիսի ահաւոր յղփացումով կը յափշտակեն Ազգին եւ Հայրենիքին վերապահուած բարիքները։
Չարաշահումներու եւ սնափառ նմանակումներու շարքը շատ երկար է. անոնց մէկ առ մէկ մերկացումով չ՛արժեր պղտորել Հայաստանի անկախութեան եւ ազատ պետականութեան վերականգնման քսանամեակին առթած արդար հպարտութիւնը։
Պարզապէս կարելի չէ թոյլատրել, որ երէկուան թէ այսօրուան իշխանութեանց վարկաբեկ դէմքին հետ նոյնացուի հայոց պետականութիւնը՝ անոնց գովազդին նուազեցուի քսանամեայ մեր անկախութեան օրհներգը։