ՊԱՔՈՒ, «Էյ.Փի.Էյ.».- Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը սկսած է հետաքննելու հայկական լրատուամիջոցներու այն տեղեկատուութիւնը, ըստ որուն՝ Սլովաքիոյ հանրապետութեան առաջին վարչապետ Եան Չառնոքուրսքի եւ խորհրդարանի առաջին նախագահ Ֆրանթիշեք Միքլոշքոն, Արցախի անկախութեան 20ամեայ տարեդարձին կապակցութեամբ շնորհաւորական ուղերձ յղած են Արցախի նախագահ Բակօ Սահակեանին:
Յիշեցնենք, որ ԼՂՀ նախագահին շնորհաւորական ուղերձ յղած էր նաեւ Աբխազիոյ նորընտիր նախագահ Ալեքսանտր Անքուապ: