ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Ազգայնական շարժում կուսակցութեան երեսփոխաններէն Եուսուֆ Հալաճօղլու, որ Թուրքիոյ պատմութեան կաճառի նախկին նախագահն է եւ երկար տարիներէ ի վեր անձանձրոյթ կերպով կը խօսի փոքրամասնութիւններու դէմ, այս անգամ ալ լուռ չմնաց՝ փոքրամասնութիւններու բռնագրաւուած կալուածներու վերադարձի հարցին առիթով, եւ «Ենիչաղ» թերթի աշխատակիցին յայտնեց այնպիսի գաղափարներ, որոնք խիստ վիճելի են։
Հալաճօղլու սխալ կը գտնէ կառավարութեան որոշումը ու կը պնդէ, թէ աղէտ պիտի պատահի, եթէ 1936-1976 շրջանին գրաւուած կալուածները ամբողջովին վերադարձուին։ «Այս կերպով փոքրամասնութիւնները Թուրքիոյ մէջ գրեթէ գաղթավայր մը կրնան ստեղծել», կ՛ըսէ Հալաճօղլու։
Ան կը պնդէ, թէ թուրքերը աշխարհի բոլոր կողմերէն կալուած կրնան գնել, բայց կալուածը գործածելու իրաւունքն է, որ կը գնեն միայն, այլ ոչ թէ՝ կալուածին սեփականատիրութիւնը։
«Հայ Թեր»չ կայքը, որ արձագանգ կը հանդիսանար այս պնդումին, կ՛ընէ հետեւեալ խորհրդածութիւնը.
«Հալաճօղլու դարձեալ ճշմարտութիւնը չ՛ըսեր։ Բոլորովին սխալ է պնդել, թէ թուրք հայրենակիցները արտասահմանի մէջ կալուածներու միայն գործածութեան իրաւունքը կրնան գնել։ Ասկէ բացի, Հալաճօղլու իր երկիրին հայրենակիցները ուրիշ երկրի մը հայրենակիցները նկատելով՝ գիտակցաբար կը խաբէ իր ընթերցողները»։
Հալաճօղլու, որ ծայր աստիճան սխալ կը գտնէ փոքրամասնութիւնները կալուածներով հարստացնելու գաղափարը, այսպէս կը շարունակէ. «Ասիկա 19րդ դարու վերջաւորութեան ու 20րդ դարու սկիզբը հրեաներու ու հայերու կողմէ յաճախ գործադրուեցաւ: Օրինակ՝ հայերը Չուքուրօվայի շրջանին մէջ Սարըչամէն մինչեւ Կեավուր լեռները՝ 650 հազար հողամաս գնեցին։ Աւելի վերջ, Ապտիւլհամիտ Խան այս հողամասերը պետականացուց, որովհետեւ շատ սխալ է անհատներու գործածութեան տրամադրել այսպիսի հողամասեր։ Ասիկա Եւրոմիութեան հետ կապ ունեցող խնդիր չէ։ Եւրոմիութեան անդամ երկիրներն իսկ կալուածներու հարցին մէջ սահմանափակումներ կը գործադրեն։ Մենք տակաւին Եւրոմիութեան անդամ ալ չենք։ Կ՛երեւի, թէ այսօրուան իշխանութեան գաղափարը բոլորովին տարբեր է։ Ճիշդն ըսելու համար, Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութիւնը շատ վարպետօրէն կը գործադրէ իր գաղափարները»։
Միւս կողմէ՝ Եւրոմիութեան մօտ Թուրքիոյ աւագ բանագնաց Էկեմեն Պաղըշ, անդրադարձաւ փոքրամասնութիւններու կալուածները վերադարձնելու որոշումին եւ ըսաւ. «Վերջ տուինք տառապանքի մը, որուն 30 տարիէ ի վեր ենթարկուած էին հազար տարիէ ի վեր մեզի հետ ապրող փոքրամասնութիւնները։ Ըրինք այն, ինչ վայել է մեծ պետութեան մը»։