ՊԷՅՐՈՒԹ, «Թերթ.ամ».- Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան 20ամեակի ձեռնարկներուն ծիրէն ներս, Սեպտեմբեր 3-9, Համազգայինի «Լիւսի Թութունճեան» սրահին մէջ տեղի պիտի ունենայ ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան եւ Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային միութեան համատեղ կազմակերպութեամբ՝ Հայաստանի երիտասարդ նկարչուհի Աննա Շահնազարեանի անհատական ցուցահանդէսը, որուն ընթացքին պիտի ներկայացուի 28 աշխատանք:
Ցուցահանդէսի բացման ներկայ պիտի գտնուի ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան: