ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- Լոռի մարզի մէջ Հայ ազգային կոնգերսի (ՀԱԿ) անդամներու եւ համակիրներու հետ Չորեքշաբթի, 7 Սեպտեմբերին ունեցած հանդիպման ընթացքին, ՀԱԿի ղեկավար գործիչներէն Դաւիթ Շահնազարեան յայտարարած է, որ ընդդիմութիւն – իշխանութիւն երկխօսութեան առկախումէն ետք Կոնգրեսը կը քալէ արտահերթ ընտրութիւններ պահանջելու ճամբով:
«Այլ ուղի գոյութիւն չունի, որով հնարաւոր է Հայաստանը դուրս բերել այս ծանրագոյն իրավիճակից եւ կանգնեցնել օրէցօր աւելի խորացող քաղաքական, տնտեսական, սոցիալական խորացող ճգնաժամը», յայտնած է Շահնազարեան:
ՀԱԿի գործիչը շեշտած է, որ «երկրում դեռ կայ քաղբանտարկեալ՝ Տիգրան Առաքէլեանը, քանի որ նրան ձերբակալել են միայն Կոնգրէսի անդամ լինելու համար»:
«Իսկապէս մենք շատ էինք ուզում, որպէսզի այդ երկխօսութիւնը շարունակուէր: Կարեւորագոյն պատճառը, որ մեզ պէտք էր եւ մինչեւ հիմա էլ շատ պէտք է՝ այնուամենայնիւ, իշխանութիւններից ստանալ պաշտօնական պատասխան մինչեւ Սեպտեմբերին նշած մեր ժամկէտը լրանալը. պատրա՞ստ են արդեօք նրանք գնալու արտահերթ նախագահական եւ խորհրդարանական ընտրութիւնների, թէ՞ ոչ: Ցաւօք սրտի, պաշտօնական պատասխան մենք չունենք, որովհետեւ մենք առկախեցինք երկխօսութիւնը», նշած է Կոնգրէսի ղեկավար անդամը:
ՀԱԿը Սեպտեմբեր 9ին Ազատութեան հրապարակի վրայ կազմակերպած է հանրահաւաք, որուն, ըստ Շահնազարեանի, պիտի յաջորդեն այլ հանրահաւաքներ:
«Լայն զանգուածները արդէն յստակ հասկանում են, որ օր աւելի այս իշխանութեանը հանդուրժելը մեծագոյն վտանգ է մեր հանրապետութեան եւ մեր պետականութեան համար», յայտարարած է Շահնազարեանը:
Ան աւելցուցած է, որ եթէ իշխանութիւնը համաձայն չգտնուի արտահերթ ընտրութիւններուն, Կոնգրեսը պիտի պահանջէ նախագահ Սերժ Սարգսեանի հրաժարականը: