ԵՐԵՒԱՆ, «Նովոսթի Արմէնիա».- ՀՀ պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 6ին, պաշտօնական այցով մեկնած է Լեհաստանի Հանրապետութիւն:
Այցի ընթացքին նախատեսուած են Սէյրան Օհանեանի հանդիպումները Լեհաստանի ազգային պաշտպանութեան նախարար Տոմաշ Սիմոնեակի, արտաքին գործոց նախարար Ռոդիսլաւ Սիկորսկիի, Ազգային անվտանգութեան վարչութեան ղեկավար Ստանիսլավ Կոզիէչի եւ Խորհրդարանի պաշտպանութեան հարցերով յանձնաժողովի նախագահ Ստանիսլաւ Վզեատեկի հետ:
Պատուիրակութիւնը պիտի այցելէ նաեւ Կիելցի մէջ կայանալիք ռազմական արդիւնաբերութեան 18րդ միջազգային ցուցահանդէս, որմէ ետք, Սեպտեմբեր 9ին պիտի վերադառնայ Հայաստան: