ԵՐԵՒԱՆ,«Արմէնփրէս».- Չորեքշաբթի, 7 Սեպտեմբերին, Երեւանի մէջ հանդիսաւորութեամբ բացուեցաւ Համահայկական դրամատունը: Բացման արարողութեան մասնակցեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան:
Համահայկական դրամատան նպատակն է միջազգային ֆինանսական կազմակերպութիւններէ եւ զարգացման ուղղորդուած այլ մասնաւոր աղբիւրներէ հաւաքագրել երկարաժամկէտ նիւթական միջոցներ՝ Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ գործող մրցունակ արտադրական ձեռնարկութիւններուն երկարաժամկէտ զարգացման վարկեր ապահովելու համար:
Ինչպէս լրագրողներուն հետ հանդիպման ընթացքին նշած է դրամատան խորուհրդի նախագահ եւ գլխաւոր գործադիր տնօրէն Վահրամ Ներսիսեանց վստահեցուցած է, որ Համահայկական դրամատունը աւանդներ պիտի չընդունի եւ վարկեր պիտի չտրամադրէ, պիտի չմրցի առեւտրային դրամատուներուն հետ:
«Ընդհակառակը, բանկն իր ուղղակի վարկային գործունէութիւնից բացի, համագործակցելու է առեւտրային բանկերի հետ՝ ձեռնարկութիւններին ներկայացնելով ֆինանսաւորման փաթեթներ, որտեղ կը տրամադրի երկարատեւ ֆինանսական ռեսուրսներ, իսկ առեւտրային բանկերը Համահայկական բանկի հետ համատեղ կ՛ապահովեն այդ ձեռնարկութիւնների աւելի կարճաժամկէտ, աշխատանքային կապիտալի եւ առեւտրային ֆինանսաւորման կողմը»: