ԵՐԵՒԱՆ, «Փանորամա».- Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 9ին, Ֆինլանտայի արտաքին գործոց նախարարին հետ հանդիպումէն ետք լրագրողներու հետ կայացած ճեպազրոյցի ընթացքին, Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերգէյ Լաւրով անդրադարձած է նաեւ Արցախի հակամարտութեան: Ըստ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան համացանցային պաշտօնական կայքին, Լաւրով ըսած է, որ Ռուսիա շահագրգռուած է ստեղծել առաւելագոյն բարենպաստ պայմանները, Եւրոատլանտեան տարածաշրջանին մէջ հակամարտութիւններու կարգաւորման համար: «Մենք մեր գործընկերներուն տեղեկացուցած ենք Լեռնային Ղարաբաղի եւ Մերձտնեսթրի հակամարտութիւններու լուծման վերաբերեալ փոխզիջումներ կատարելու Ռուսիոյ մօտեցումները, ինչպէս նաեւ Հարաւային Կովկասի մէջ ստեղծուած իրավիճակի վերաբերալ Ռուսիոյ գնահատականը», նշած է Լաւրով, աւելցնելով, որ ՄԱԿի ընդհանուր ժողովը պիտի քննէ նաեւ Արցախի հակամարտութեան կարգաւորումը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.