ԿՐԻՆԻՑԱ, «Երկիր Մեդիա».- Սեպտեմբեր 7-9ը, լեհական Կրինիցա քաղաքին մէջ տեղի ունեցաւ «Եւրոպայի տնտեսական ֆորում»ը, որ կը նկատուի ամէնէն մեծ քաղաքական ու տնտեսական խորհրդաժողովը՝ Տաւոսէն ետք:
Հայաստանը այս ֆորումին ներկայացած է բաւական հեղինակաւոր պատուիրակութեամբ: Ֆորումի կարեւորագոյն նստաշրջաններէն մէկուն նախագահ Աշոտ Գրիգորեանի խօսքով, եռամեայ պայքարէ ետք կարելի եղած է նաեւ Արցախի վերաբերեալ նստաշրջան մը գումարել՝ «Լեռնային Ղարաբաղ. հակամարտութեան լուծման հնարաւոր ճանապարհային քարտէսը եւ տարածաշրջանի ու հասարակութեան համար անոր հետեւանքները» թեմայով: Այդ նստաշրջանի նախագահ նշանակուած է Սլովաքիոյ առաջին վարչապետ Եան Չարնոգուրսկին:
Հայկական կողմէն նստաշրջանին հրաւիրուած են ԱԺ պատգամաւոր, «Ժառանգութիւն» կուսակցութեան նախագահ Ռաֆֆի Յովհաննիսեանը եւ ԱԺ պատգամաւոր (ՀՅԴ) Արա Նռանեանը:
Հարաւային Կովկասի երկիրներէն աւանդաբար խոշորագոյն պատուիրակութեամբ կը ներկայանայ Վրաստանը: Այս տարի վարացական պատուիրակութիւնը գլխաւորած է նախագահ Միխայիլ Սահակաշվիլին:
«Երեք տարի առաջ եղայ Ղարաբաղ: Կը խոնարհիմ Ղարաբաղի բնակչութեան առջեւ եւ հիացած եմ, թէ ինչպէս անոնք կը կառուցեն իրենց երկիրը, չեն հեռանար այնտեղէն, այլ ընդհակառակը, կը պաշտպանեն զայն: Կարծեմ, նման մարդոց շնորհիւ Լեռնային Ղարաբաղը արագօրէն պիտի զարգանայ եւ պիտի ամրապնդէ իր դիրքերը՝ Հարաւային Կովկասի մէջ, յայտնած է Սլովաքիոյ առաջին վարչապետ Եան Չարնոգուրսկին: