ՍԱՐԳԻՍ ՓԱՆՈՍԵԱՆ
Աւանդութիւն դարձած Ֆրեզնոյի Հայկական կերակուրներու փառատօնը, այս տարի եւս տեղի պիտի ունենայ, Շաբաթ, Սեպտեմբեր 24ին, «Ասպարէզ» ակումբի դաշտին վրայ:
Փառատօնին հրաւիրուած են Ֆրեզնոյի քաղաքապետը, ոստիկանութեան եւ շերիֆի բաժանմունքի ոստիկանապետերը, ինչպէս նաեւ գաղութիս, Լոս Անճելոսի, Սան Ֆրանսիսքոյի եւ այլ քաղաքներու մեր հայրենակիցներն ու բարեկամները՝ միասնաբար ուրախանալու:
Փառատօնը իրենց պարերով եւ մենապարերով պիտի ճոխացնեն, «Համազգային»ի «Դանիէլ Վարուժան» մասնաճիւղի մանկական «Նուռ» պարախումբը, պարուսոյց Լուսինէ Յարութիւնեանի առաջնորդութեամբ եւ մենակատարութեամբ՝ Անահիտ Խուրտաճեանի, իսկ երգերով իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն երգիչներ՝ Նշան æաղացպանեան, Անահիտ Իշխանեան, Գէորգ Չագմագճեան եւ «Տի. Ճէյ.» Արշակ Խնդիրեան:
Շաբաթներ շարունակ, «Ասպարէզ» ակումբը եռուզեռի մէջ է. կամաւոր եւ նուիրեալ տիկիններ՝ գոգնոցները կապած, սեղաններուն շուրջ բոլորուած, համադամ ճաշեր եւ անուշեղէններ կը պատրաստեն, ուրախ ժպիտը իրենց շուրթերուն, ներս մտնելով կը բարեւեմ. բոլորին դէմքերը ծանօթ են ինծի, որովհետեւ այս նուիրեալ եւ կամաւոր աշխատող տիկիններու խումբը, միշտ ներկայ է մեր բոլոր ձեռնարկներուն՝ եկեղեցւոյ, կուսակցութեան եւ միութիւններուն:
Մեր ազգային կեանքին մէջ, իրապէս գեղեցիկ երեւոյթ է տեսնել հայրեր եւ մայրեր, պարման-պարմանուհիներ, տուն ու գործ ձգած, միասնաբար կ՛աշխատին հայ ժողովուրդի բարօրութեան, գոյատեւման համար: Ժամանակին Վարդաններ եւ «տիկնայք փափկասունք» եւ ֆետայիներ, զէնքով կռուեցան, դիմագրաւելու սպառնացող վտանգը: Սիրելիներ, ժամանակին հետ կը փոխուին նաեւ կեանքի պայմանները, ներկայիս ալ, մենք ունինք Վարդաններ, փափկասուն տիկիններ եւ բազմութիւններ, որոնք կը կռուին աներեւոյթ Յազկերտներուն դէմ, իրենց անսակարկ աշխատանքով:
Ապրին մեր բոլոր կամաւոր աշխատողները. անոնց մատներով պատրաստուած կերակուրներն ու անուշեղէնները, համով-հոտով թող ճաշակեն «Ասպարէզ» ակումբին դաշտին մէջ համախմբուած մեր բարեկամներն ու ընկերները:
Անոնք, որոնք կը փափաքին պանդոկ ապահովել, մինչեւ Սեպտեմբեր 16 կրնան հեռաձայնել «Ռետիսըն» պանդոկ, (559) 268-1000 թիւին, «Fresno Armenian Festival» անունով կամ՝ հեռաձայնել Ալեքս Գունտագճեանին հետեւեալ թիւերով՝ (559) 360-4117 կամ (559) 434-6436:
Վստահ ենք, որ մեր հայրենակիցներն ու բարեկամները սիրով պիտի ընդառաջեն մեր հրաւէրին եւ Սեպտեմբեր 24ին, իրենց ներկայութեամբ պիտի պատուեն մեզ:
Բոլորին կ՛ըսենք. «Բարի՛ եկաք եւ բարի՛ վայելում»: