
ՊՈՒԷՆՈՍ ԱՅՐԷՍ, «Այսօր».- «Ազնաւուրի հրապարակ» ֆիլմը յաղթած է Արժանթինի Պուէնոս Այրէս քաղաքի մէջ տեղի ունեցած «Նուեւա Միրատա» 10րդ միջազգային պատանեկան ֆիլմերու փառատօնին՝ արժանանալով փառատօնի վաւերագրական ֆիլմերու համար տրուող «Նոր մօտեցում» մրցանակին:
«Ազնաւուրի հրապարակ» ֆիլմը նկարահանուած է 2010ին: Հեղինակները Վայրի բնութեան եւ մշակութային արժէքներու պահպանման հիմնադրամի Գիւմրիի էքօակումբի սաներն են դպրոցականներ՝ Աննա Ասատրեանը, Արման Գասպարեանը, Անժելա Գասպարեանը, Արթուր Յարութիւնեանը, Արսէն Խաչատրեանը, Լիլիթ Մաթեւոսեանը, Քնարիկ Գասպարեանը, Անուշիկ Միքայէլեանը, Վարուժ Ղազարեանը, Ալեքսան Վարոսեանը, Դաւիթ Համբարեանը, Անի Մանուկեանը, Արմինէ Կիւրեղեանը: