
ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Սեպտեմբեր 14ին, ԼՂՀ Ազգային ժողովի նախագահ Աշոտ Ղուլեան, Արցախի խորհրդարանական պատուիրակութեան Ուաշինկթըն կատարած այցին ծրագիրով, հանդիպում մը ունեցաւ ԱՄՆ Քոնկրեսի անդամ, Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովի նախկին նախագահ եւ հայկական հարցերով յանձնախումբի անդամ Հաուըրտ Պըրմընի հետ:
Հանդիպման ընթացքին կողմերը քննարկեցին Հարաւային Կովկասի մէջ վերջին շրջանի զարգացումներն ու ղարաբաղեան հակամարտութեան առկայ իրավիճակը:
Դիմելով բարձրաստիճան քոնկրեսականին՝ Արցախի ԱԺ նախագահը անոր շնորհակալութիւն յայտնեց՝ Արցախին առնչուող խնդիրներու գծով անոր ցուցաբերած օժանդակութեան համար, ընդգծելով անոր հետեւողական վերաբերմունքը այդ ուղղութեամբ:
Պըրմըն, իր հերթին, մտահոգութիւն յայտնելով ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման շուրջ առաջընթացի բացակայութեան կապակցութեամբ՝ բացառեց հակամարտութեան կարգաւորման ռազմական տարբերակը եւ ընդգծեց, որ երբե՛ք թոյլ չեն կրնար տալ, որ որեւէ ուժ Արցախին բռնութեամբ պարտադրէ իր կամքին հակառակ որոշում մը:
Պատուիրակութեան այցի աւարտին, Ղարաբաղի Ազգային ժողովի նախագահ Աշոտ Ղուլեան եւ ընկերային հարցերու մշտական յանձնաժողովի նախագահ Զոյա Լազարեան դարձեալ հանդիպում մը ունեցան քոնկրեսական, հայկական հարցերու յանձնախումբի համանախագահ Ֆրենք Փալոնի հետ: Արցախի խորհրդարանի նախագահը քոնկրեսական Փալոնին երախտագիտութիւն յայտնեց՝ ԱՄՆ Քոնկրեսին մէջ ԼՂՀ հռչակման 20ամեայ յոբելեանին նուիրուած միջոցառում կազմակերպելուն համար:
Հանդիպման ընթացքին կողմերը քննարկեցին երկկողմ յարաբերութիւններու զարգացման ու Ամերիկա-արցախեան խորհրդարանական կապերու ամրապնդման հեռանկարները, ինչպէս նաեւ ԱՄՆի կողմէ Արցախին տրամադրուող տարեկան օգնութեան հետ կապուած հարցեր:
Այսպիսով, իր աւարտին հասաւ ԼՂՀ խորհրդարանական պատուիրակութեան այցելութիւնը Միացեալ Նահանգներ: