
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հինգշաբթի, 15 Սեպտեմբերին, «Հայ-ռուսական յարաբերութիւնների ներկան եւ ապագան. Հայաստանի Հանրապետութեան 20ամեակին ընդառաջ» խորագիրով տեսակամուրջի մը ընթացքին, Ռուսիոյ Պետական Տումայի ԱՊՀ պետութիւններու հարցով յանձնաժողովի անդամ, ԱՊՀ հիմնարկութեան տնօրէն Կոնստանդին Զաթուլին յայտնեց, որ հայ-ռուսական յարաբերութիւնները նման են ամերիկա-իսրայէլեան յարաբերութիւններուն: Ընդգծելով, որ յաճախ պետութիւններու միջեւ կրնան քննարկուի կնճռոտ թեմաներ, որոնց ընթացքին երկու «եղբայրական» երկիրներ կրնան նոյն կարծիքը չունենալ, սակայն անոնց կարգավիճակը կը ստիպէ միշտ փնտռել հաշտութեան ու փոխըմբռնման եզրեր:
«Կրնան ըլլալ պահեր, երբ քաղաքական էլիթան (վերնախաւը-Խմբ.) ԱՄՆի եւ Իսրայէլի մէջ միակարծիք չ՛ըլլար ու կը հետապնդէ սեփական հետաքրքրութիւններ: Անոնք կրնան դուրս գալ իրարու դէմ, քննդատատել մէկզմէկը: Սակայն իւրաքանչիւր փոքր-ինչ «խելքը գլուխը» փորձագէտ, կրնայ հաւաստիացնել, որ այդ սրումը չի կրնար վերաճիլ փոխադարձ անհանդուրժողականութեան ու ատելութեան», համեմատական կարգով բացատրեց Զաթուլին, վստահեցնելով, որ համեմատութիւններու եւս այլ եզրեր կան:
«Այժմ կը յիշեմ շատ մօտ ընկերոջս՝ Վազգէն Սարգսեանի խօսքերը, որ առիթով մը ինծի հետ զրոյցի ընթացքին նշեց, թէ Հայաստանը Ռուսիոյ համար կովկասեան Իսրայէլն է», աւելցուց Զաթուլին:
Ոեւէ մէկը չի կրնար կասկածիլ, որ Հայաստանի դէմ հնարաւոր յարձակումի մը պարագային Ռուսիան պիտի կատարէ իր պարտաւորութիւններն ու պաշտպան պիտի կանգնի անոր, նշեց Զաթուլին, աւելցնելով, որ Ռուսիան պայմանագիրով ստանձնած իր պարտաւորութիւնները տառ առ տառ պատրաստ է կատարելու:
«Ի հարկէ, Ռուսիան չի ցանկանար, որ նման առիթ ներկայանայ, երբ ինք պարտաւորուած ըլլայ ռազմական աջակցութիւն ցուցաբերելու Հայաստանին: Պէտք չէ մոռնալ, որ Ռուսիա նաեւ ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահողներէն է եւ՝ հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման հարցով շահագրգռուածներու առաջիններէն», յայտնեց Ռուսիոյ քաղաքական գործիչը: