
ՔՈՒԷՅԹ.- Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 15ին հրապարակուած լուրի մը մէջ, ամերիկացի պաշտօնատար մը քուէյթեան «Ռայ» օրաթերթին յայտնած է, թէ Թուրքիան, մէկ կողմէ՝ Իրաքի դէմ 2003ի ամերիկեան պատերազմին ընթացքին ամերիկեան ուժերուն անցքը արգիլեց, իսկ աւելի ուշ՝ գաղտնաբար ամերիկացիներէն խնդրեց, որ թրքական հողամասերուն վրայ ամերիկեան ռազմակայաններ հաստատեն կամ Իրաքի մէջ ուժեր պահեն։
Ան նշած է, որ Թուրքիա իր այս «նենգամտութիւնը» օգտագործած է Լիպիոյ պարագային եւս, որովհետեւ նախ՝ «բուռն կերպով, գաղտնի եւ բացայայտ զօրակցեցաւ Քազաֆիին», ապա երբ դէպքերուն ընթացքը փոխուեցաւ եւ Քազաֆիի տապալումը անխուսափելի եղաւ, Անգարա Ազգային փոխանցման խորհուրդին կողմը անցաւ եւ «թերեւս իր երկիրին մեղքը քաւելու համար էր, որ անոր արտաքին գործոց նախարարը Պենկազի այցելող առաջին պաշտօնատարներէն եղաւ»։
Ամերիկացի պաշտօնատարը յայտնած է, որ մինչ Թուրքիա Իսրայէլի կը սպառնայ, կը թուի, թէ ան անկարող է Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատին դիմաց: Ան նաեւ բացայայտած է, որ Թուրքիա Միացեալ Նահանգներէն պաշտօնապէս խնդրած է Թուրքիոյ մէջ անօդաչու օդանաւերու զօրակայաններ հաստատել, որպէսզի Ուաշինկթըն Թուրքիոյ հարաւարեւելքի եւ հիւսիսային Իրաքի մէջ քիւրտ զինեալներու շարժումներուն մասին իրեն տեղեկութիւններ փոխանցէ, աւելցնելով, որ ամերիկեան եւ թրքական բանակները հիւսիսային Իրաքի մէջ քրտական թիրախներու դէմ թրքական յարձակումները կը համակարգեն, եւ այս ուղղութեամբ 2007ին Անգարայի մէջ հաստատած են զինուորական գործողութեանց միացեալ գրասենեակ մը, որուն շնորհիւ Ամերիկան տեղեկութիւններ կը փոխանցէ Թուրքիոյ: Սակայն Ուաշինկթըն կը մերժէ Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութեան դէմ յարձակումներուն մասնակցիլ, որովհետեւ ներքին տագնապի մը մէջ կողմ չ՛ուզեր ըլլալ:
Ան յայտնած է, որ «այս ձեւի գռեհկութիւն» գոյութիւն ունի թրքական ամբողջ արտաքին քաղաքականութեան մէջ։ Ան նշած է, որ «թուրքերը, իրանեան հիւլէական ծրագիրէն սարսափահար՝ մեզի կը դիմեն, կը պահանջեն, որ զայն կասեցնելու գծով աշխատինք, կը խնդրեն, որ իրենց ծրագիրի նախաձեռնութեան օգնենք, ապա Ապահովութեան խորհուրդին մէջ կը նստին եւ Իրանի բարեկամներու նման կը վարուին»։
Ան աւելցուցած է. «Էրտողան պաղեստինցիներու իրաւունքներուն իր զօրակցութեան մասին կը խօսի, ապա կը մերժէ Թուրքիոյ քիւրտերուն քաղաքական եւ մշակութային իրաւունքները, «Էֆ.16» օդանաւերը կ՛օգտագործէ անոնց դիրքերը ռմբակոծելու եւ անոնց շարքին քաղաքային զոհեր պատճառելու համար»։
Ամերիկացի անանուն պաշտօնատարը կը բացատրէ նաեւ, որ «Էրտողան արաբ ժողովուրդի ազատութեան իր զօրակցութեան մասին կը խօսի եւ կ՛ընդդիմանայ Քազաֆիի ջարդերէն Պենկազին եւ լիպիացիները պաշտպանելու ՆԱԹՕի միջամտութեան։ Իսկ թրքական կեցուածքներուն մէջ ամէնէն հակասականը կը կայանայ Ասատի դէմ Էրտողանի իրերայաջորդ ելոյթներուն մէջ. ան մէկ կողմէ Ասատը կը դատապարտէ, իսկ միւս կողմէ՝ անոր իշխանութեան վրայ մնալուն կը զօրակցի, ապա, մէկ կողմէ Ասատի հեռացումը պահանջողները կը հիւրընկալէ, իսկ միւս կողմէ՝ Ասատի հետ դիւանագիտական եւ առեւտրական յարաբերութիւնները կը պահէ»։
Պատասխանելով Թուրքիոյ կողմէ հիւսիսային Սուրիոյ մէջ ապահովական գօտի մը ստեղծելու կարելիութեան մասին «Ռայ»ի հարցումին՝ ամերիկացի պաշտօնատարը ըսած է. «Թուրքիա ո՛չ ռազմական, ո՛չ ալ քաղաքական ուժն ունի այդպիսի գործողութիւն մը կատարելու», եւ «հակառակ անոր, որ Անգարա այնպէս կը վարուի, թէ շրջանին մէջ դէպքերու կշռոյթը կը ղեկավարէ, իսկութեան մէջ անկարող է դէպքերու ընթացքին ազդելու, եւ այն, ինչ զայն կը հետաքրքրէ, իր անմիջական շահերն են, ինչպէս՝ առեւտրական առանձնաշնորհումները պահպանելը»։
Ամերիկացի պաշտօնատարը կը նշէ, որ «Իսրայէլի դէմ պատերազմի երթալու մասին յայտարարութիւնները Էրտողանի վնաս չեն պատճառեր, ոչ ալ՝ Լիպիա, Թունուզ եւ Եգիպտոս այցելութիւններ կատարելու կամ Կազա այցելելու սպառնալիքը», սակայն բոլոր այս կեցուածքները «թրքական երկդիմի քաղաքականութիւն մը ցոյց կու տան: Մէկ խօսքով՝ ասիկա քաղաքական գռեհկութիւն է»։