ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Հայաստանի Անկախութեան վերականգնման քսաներորդ տարեդարձը ժողովրդային տօնախմբութիւններով նշելու առիթը մեզի ալ կը ներկայանայ այստե՛ղ, Կլենտէյլի մէջ, Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ շրջափակէն ներս, ուր նոյն տարեդարձին օրը՝ Սեպտեմբեր 21ին, մեզ պիտի հրամցուի տօնական յայտագիր մը:
Անշուշտ, երանի՜ թէ Երեւան ըլլայինք (հազար երանի անոնց, որոնք այնտեղ ըլլալու առիթը պիտի ունենան), երանի՜ թէ կարենայինք հայրենի հողին վրայ ըլլալ ու աչքով տեսնել հայկական բանակին զօրահանդէսը, տեսնել ժողովրդային բազմութիւնները՝ հաւաքուած հրապարակներու վրայ: Այսօրինակ տօնախմբութեանց ատեն, զիս հրապարակ հրապուրած են ոչ թէ այնտեղ ներկայացուող գեղարուեստական կամ կիսագեղարուեստական յայտագիրները, այլ այն հեռանկարը, թէ՝ պիտի տեսնեմ ազգակիցներու խուռն բազմութիւն մը, որուն շունչով, որուն ոգեւորութեամբ պիտի վարակուիմ ու լիցքաւորուիմ:
Գալիք Չորեքշաբթի այդպիսի բազմութիւն մը տեսնելու յոյսը կը փայփայեմ: Գալիք Չորեքշաբթի, Կլենտէյլի Սենթրըլ պողոտայի այդ հայկական հատուածը աննախընթաց խճողումով կենսալի դարձած կ՛ուզեմ տեսնել, ալիք առ ալիք եկեղեցւոյ յորդող շրջափակէն ներս հաւաքուիլ ջանացող երիտասարդ ու տարեց մարդոց բանակ կ՛ուզեմ տեսնել:
Քսան տարիէ որ անկախ ենք: Ահա քսաներորդ առիթը պիտի ունենանք զիրար շնորհաւորելու՝ մեր երազի իրականացման համար, քսաներորդ անգամ նշելու տասնամեակներով անհաւատալի թուացող հաւաքական իղձի մը կենսագործումը:
Կրնանք անշուշտ առանձին, ընտանեկան միջավայրի մէջ տօնել այս նշանակալի տարեդարձը: Կրնանք սեղան բանալ, կենաց ըսել ու նեղ միջավայրի մէջ խնճոյք սարքելով՝ յիշատակել պահը: Բայց նոյնը չէ, նոյն հաճոյքն ու հրճուանքը կարելի չէ ստանալ: Հաւաքաբար, միասնաբար տօնելը իսկապէս ուրիշ է: