ՀԱՅ ԵԿԵՂԵՑԻՆ ԵՒ ՀԱՅ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԸ ԴԷՄ ԱՌ ԴԷՄ
ԳՐԻԳՈՐ Ծ. ՎՐԴ. ՉԻՖԹՃԵԱՆ

Ինքն իրեն խօսող մարդոց կարելի է հանդիպիլ: Առհասարակ խենթ կը կարծեն մարդիկ, երբ տեսնեն մէկը, որ ինքն իր հետ կը խօսի, երբեմն կը վիճի աներեւոյթ անձի հետ, զոր միայն ինք կը տեսնէ իր դիմաց կանգնած: Անիկա անպայման ուրուական չի՛ տեսներ իր դիմաց, այլ ուղղակի անձ, որ իրեն կրնայ ծանօթ կամ անծանօթ ըլլալ:
Ներկայ աշխարհի արհեստագիտութեան բերած մեծ յեղաշրջումը հեռախօսի աշխարհին մէջ, անոնց բջիջային տարբերակներով, իւրաքանչիւր մարդու կեանքին վրայ ուղղակի թէ անուղղակի ազդեցութիւն ունեցաւ: Իւրաքանչիւր ոք հեռահաս դարձաւ մէկ կողմէ, եւ միւս կողմէ դիւրաւ գտանելի՝ շնորհիւ բջիջային հեռաձայնին:
Աշխարհի բազմամարդ ու վաճառականական կեդրոն քաղաքներէն սկսեալ մինչեւ երրորդ աշխարհեան երկիրներու բնակիչները, նոյն օղակին մէջ բռնուած են ներկայիս: Յաճախ մարդիկ կը տեսնուին, փողոցներու վրայ քալող, որոնք առաջին տպաւորութեամբ առանձին խօսող խելագարներ կը թուին ըլլալ: Սակայն շուտով ի յայտ կու գայ, որ անոնց ականջները թելով թէ անթել գործիքով միացած են իրենց բջիջային հեռաձայնին, եւ թէ անպայման անոնք ունին մեզի աներեւոյթ խօսակից, որ թերեւս աշխարհի մէկ անկիւնը, հեռախօսի խօսափողը ձեռքին, իրենց հետ կը զրուցէ:
Ինքնաշարժներու մէջ զետեղուած ձայնասփիւռներն ալ երբեմն այդ տպաւորութիւնը կը թողուն: Մանաւանդ երբ ամրան զովացուած եւ ձմրան ջերմացուած ներքնամասին մէջ նստած, տեղէ տեղ փոխադրուած միջոցին ձայնասփիւռէն հնչող երգերուն բառերը կը կրկնեն ճամբորդներ, դարձեալ իրենք իրենց հետ խօսելու տպաւորութիւնը թողնելով դուրսէն զիրենք դիտողներուն վրայ:
Արտաքին այս երեւոյթներէն դատելէ ու մարդիկը խելագար համարելէն աւելի դրական ու շինիչ աշխատանք պիտի ըլլայ, կեանքի որոշ հանգրուաններուն կանգ առնել, եւ ինքն իրեն հետ խօսիլ: Ասիկա ինքնաքննութենէ բացի, նաեւ վերլուծման առիթ կը հանդիսանայ, ընդհանուր արժեւորումը կատարելու համար անցնող շրջանին, յայտնաբերելով այն սխալները, զորս ամօթի հետեւանքով սովոր են մարդիկ գաղտնի պահել ուրիշներէ: Միւս կողմէ, նման մենախօսութիւն նաեւ կ՛օգնէ յառաջդիմութեան, որովհետեւ անցեալին նայողը միայն կրնայ լաւ տեսնել իր ապագան, որուն գոյները այլապէս մթագնած պիտի ըլլան, ու պատկերը՝ մշուշապատ:
Մեր կեանքին կարեւոր հանգրուանները վերարժեւորման ենթարկելու այս երեւոյթը կախեալ է այն զարգացումէն, զոր ունեցած է տուեալ անձը իր կեանքի ընթացքին: Արուեստագէտն ու արհեստաւորը չեն կրնար միեւնոյն վերաժեւորումը տալ իրենց կեանքի ընթացքին պատահած այս կամ այն երեւոյթին, նոյնիսկ եթէ այնպէս զուգադիպի, որ միեւնոյն դէպքը տեղ գտնէ երկուքին ալ առօրեային մէջ: Արուեստագէտը իր աշխարհայեացքին հիմամբ կը դատէ կացութիւնը, իսկ արհեստաւորը ի՛ր համոզումներով կը դիտէ դէպքը: Այս վերջինին պարագային, ինչքա՜ն լայն դաշտ կը գտնէ նախապաշարումներու գործօնը, որ իր հաւատալիքներով այնքան մեծ հեղինակութիւն կը վայելէ այս խաւին մօտ:
Ճաշակները, կազմաւորումը, խառնուածքը ու կրթութիւնը մեծ տարբերութիւն կը դնեն մարդուն եւ իր նմանին միջեւ: Պարզ օրինակ է երգ ու երգիչ սիրելու պարագան: Արուեստի հասկացողութիւն ու անոր մէկ ճիւղը հանդիսացող երաժշտութեան իսկական ճաշակ ունեցող անձին ականջին մէջ գտնուող մաղը, չի՛ թողուր որ լսուող անորակ երաժշտութիւնը հաճելի թուի: Մինչդեռ արհեստաւորի սովորական կրթութեամբ աճած մարդուն համար, ամէնէն բարձրորակ դասական երաժշտութեան մէջ հնչող մեղմ թէ բամբ թմբուկի ձայները ո՛չ մէկ տարբերութիւն կ՛ունենան իր գործածած մուրճի հարուածներէն: Միւս կողմէ, թրքաոճ երգիչի ձայնին կոկորդային կլկլոցը կրնայ անսահման վայելք թուիլ իրենց:
Ահա մէկ օրինակ այն տարբերութիւններէն, որոնք չեն արտօներ միեւնոյն յետադարձ հայեացքը ունենալ արուեստագէտին ու արհեստաւորին, իրենց կեանքին մէջ պատահած միեւնոյն դէպքին մասին:
Յետադարձ ակնարկը մեր կեանքին վրայ նետուած, խոկումի ու խորհրդածութեան կը հրաւիրէ մեզմէ իւրաքանչիւրը, որ որոշ իմաստով մենախօսութիւն է: Բարձրաձայն է անխօս, սոյն մենախօսութիւնը կը կատարուի մեր ներսիդին գտնուող անձին հետ: Թերեւս բարձրաձայն կատարուած միջոցին եթէ պատահի որ ուրիշ անձ մը գաղտնաբար լսէ խօսակցութիւնը, դարձեալ յիմարի տեղ դնէ մենախօսութիւն կատարողը: Սակայն, այս մենախօսութիւնը հիմնական փաստերէն է՝ մարդուն նաեւ հոգեղէն գոյութիւն ըլլալուն: Մեր մէջ «նստող անձ»ը՝ հոգի՛ն է մեր խօսակիցը, զրուցակիցը, որ յաճախ նաեւ ուղղութիւն կու տայ մեզի, երբ շուարած ենք անել կացութեան մատնուած ըլլալով: Անիկա խորհրդատուութիւն կը կատարէ մանաւանդ մեր ամէնէն բարդ ու դժուարին պահերուն, մինչեւ իսկ երբեմն ակամայ մեր կամքին ենթարկուելով: Վրէժի զգացումը, օրինակ, չի՛ թոյլատրեր որ մեր մէջ նստող անձը՝ մեր հոգին, իր խաղաղարարի իր դերը ամբողջացնէ այս կեանքին մէջ: Իսկ զղջումը, որ յետոյ ի յայտ կու գայ, դարձեալ հոգին դուրս կը բերէ իր ամէնէն խորերէն, խոր մտածումի առաջնորդելով սխալը գործած անձը:
Խորհիլը հոգիին մենախօսութիւնն է: Փիլիսոփայական տեսութիւն չէ՛ անպայման այս գաղափարը, որովհետեւ իւրաքանչիւր անձ իր իսկ փորձառութեամբ լսած կ՛ըլլայ այդ մենախօսութիւնը, որուն նիւթերը իրեն յատուկ օրակարգ կ՛ունենան, ու յետադարձ ակնարկով զրոյց կը բանան յաճախակիօրէն:
Մեր հոգին ինքն իր հետ խօսելէ բացի, նաեւ մեզի՛ հետ կը խօսի այնքան անկեղծ, որուն նմանը մեր ունեցած ամէնէն մտերիմ բարեկամը չի կրնար խօսիլ: Անիկա մեր միակ «բարեկամ»ն է, որուն անկեղծութիւնը փորձաքարի զարնելու կարիքը պիտի չունենանք բնա՛ւ: Մեր հոգիին մենախօսութիւնը այնքան յստակ կը լսենք, որ ինչքան ալ խանգարիչ ձայներ ըլլան մեր շուրջ, իր պատգամը ամէն մանրամասնութիւններով ըմբռնելի կ՛ըլլայ մեր կողմէ:
Հոգին նաեւ խիզախ կ՛ըլլայ իր արտայայտութիւններուն մէջ, եւ որովհետեւ լռելեայն իր խօսքը կ՛արտասանէ մեր ներքին ականջներուն, խայտառակութեան բարդոյթը չունի: Ամէն բան իր պարզութեան մէջ կը փոխանցէ, մինչեւ իսկ դէպքերուն հետեւանքները ներկայացնելով իրենց ամբողջ մանրամասնութիւններով:
Նոյն այս մենախօսութենէն կը ծնին նաեւ կեանքի մեծագոյն խորհողներուն արտայայտած գաղափարները, որոնք կը ձեւաւորուին մարդու եւ տիեզերքի կեանքը մանրազնին քննութեան ենթարկելու մասնագիտական արարքներու ի հետեւումն: Փիլիսոփաներու հաստատած դրութիւնները, խորհրդապաշտներու կատարած վերլուծումները ի՞նչ բանի արդիւնք են, եթէ ոչ՝ հոգիի անկեղծ մենախօսութեան, որուն մէկ այլ անունն է «խորհիլ»ը:
Խորհիլը նաեւ ինքնագիտակցութեան կը հրաւիրէ մարդը, որուն կեանքը վերիվայրումներով լեցուն է, եւ որ անպայման կարիքը ունի մենախօսութեան ճամբով վերատեսութեան ենթարկելու իր գլուխէն անցնող կարեւոր դէպքերը, ու կեանքի կարեւոր հանգրուանները: Ժամանակ տրամադրէ՛ այդ մենախօսութիւնը լսելու: