ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Պոլսահայ ճարտարապետ Կարօ Քիւրքման հեղինակն է շարք մը արժէքաւոր գիրքերու: Ան հանրածանօթ է գեղարուեստին նուիրուած իր պատմաբանասիրական հատորներով:
Ուրբաթ, 16 Սեպտեմբերին, Երեւանի մէջ ցուցադրուեցան պոլսահայ ճարտարապետին գիրքերը:
«Այս գրքերը դժուարին աշխատանքի արդիւնք են. նիւթը հեղինակը ի մի է բերել, հաւաքել տարբեր աղբիւրներից: Եւ նման գրքեր, ալբոմներ աշխարհին ներկայանալի են դարձնում հայ մշակոյթը», նշած է սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան:
Կարօ Քիւրքմանի գիրքերը հարուստ են հետազօտողներու համար շահեկան նիւթերով, յատկապէս հետաքրքրական են Օսմանեան դրամագիտութեան ու յախճապակիներու մասին անոր աշխատութիւնները: Անոր գրիչին կը պատկանին «Ottoman Silver Marks», «Armenian painters in the Ottoman Empire», «Magic of clay and fir» եւ այլ աշխատութիւններ:
«Շատ ուրախ եմ այստեղ գտնուելու եւ իմ՝ տարիներու ընթացքին կատարած աշխատանքները ներկայացնելու համար», նշած է Քիւրքման, որ ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան կողմէ պարգեւատրուած է ոսկէ շքանշանով: