ՊՈՒՏԱՓԵՇՏ.- Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 21ին, Հունգարիոյ Հայկական ինքնավարութիւնը նշեց Հայաստանի Հանրապետութեան Անկախութեան 20րդ տարեդարձը: «Ա-38» նաւուն վրայ կազմակերպուեցաւ լուսանկարներու ցուցահանդէս մը, ուր ներկայացուեցան Հայաստանի 13 մայրաքաղաքներուն նկարները՝ իրենց պատմութիւններով:
Ցուցահանդէսը հարուստ էր իր տեղեկատուական նիւթերով: Այնտեղ երաժշտական կատարումով հանդէս եկաւ Դաւիթ Ենգիբարեանի եռեակը:
Ողջոյնի խօսքով հանդէս եկան Հունգարիոյ խորհրդարանի պատգամաւոր Կուպեր Անտրաշ, Հունգարիոյ Հայկական Ինքնավարութեան ղեկավար Սեւան Սարգիսեան, ՀՀ դեսպանութեան ներկայացուցիչ Արթուր Մուշեղեան: Ծրագիրին ներկայ էին բազմաթիւ հայեր եւ հունգարացիներ, ինչպէս նաեւ տարբեր երկիրներու դիւանագէտներ:
Այնուհետեւ Հայկական Ինքնավարութիւնը բոլոր ներկաները հիւրասիրեց հայկական ազգային ուտելիքներով: