ԹԻՖԼԻՍ, «Նիուզ.ամ».- «Մեծ պատմութեան բաղկացուցիչները» ցուցադրութիւնը սկսաւ Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 21ին, Շալուա Ամիրանաշվիլիի անուան Թիֆլիսի Արուեստներու թանգարանին մէջ: Ցուցադրութեան կազմակերպիչներն են Վրաստանի յուշարձաններու պաշտպանութեան եւ մշակոյթի նախարարութիւնը, Ազգային թանգարանը եւ Վրաստանի մօտ Հայաստանի դեսպանութիւնը:
«19րդ դարու առաջին կէսէն, Վրաստանի մէջ ապրող հայ նկարիչները սկսած են մեծ եռանդով իրենց աշխատանքներուն մէջ թիֆլիսեան եւ քաղաքային տեսարաններ պատկերելու: Անոնք աշխուժօրէն ներգրաւուած են հասարակութեան ստեղծագործական կեանքին մէջ», կը հաղորդէ «Նովոսթի-Քրուզի»ն՝ վկայակոչելով Վրաստանի Ազգային թանգարանի մամլոյ ծառայութիւնը:
Թիֆլիսի Արուեստներու թանգարանին մէջ ցուցահանդէսը կը շարունակուի մինչեւ Հոկտեմբեր 4: