ՊԸՐՊԵՆՔ.- Առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեանի օրհնութեամբ եւ հովանաւորութեամբ, առաջնորդարանի «Զօրայեան» թանգարանի յանձնախումբը եւ «Stephanies» ցուցադրասրահը պատուեցին Ժան Գառզուն՝ աշխարհահռչակ ֆրանսահայ նկարիչը, որուն արուեստի գործերը կ՛արտացոլացնեն 20րդ դարու մարդկային խիղճը: Անոր գործերը արժանացած են բազմաթիւ մրցանակներու եւ գնահատութեան, իսկ Ֆրանսայի կառավարութիւնը անոր պատկերով ու անունով՝ ի՛ր իսկ կենդանութեան, դրոշմաթուղթ տպած է:
Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 15ի երեկոյեան ժամը 7ին, ցուցահանդէսի բացման արարողութիւնը կատարեց առաջնորդը, որ իր խօսքին մէջ ըսաւ. «Գառզուն 20րդ դարու հայ արուեստի պատմութեան մէջ ունի իր ուրոյն տեղը: Անոր նկարները աշխարհի 25 տարբեր մեծ թանգարաններուն մէջ կը ցուցադրուին եւ պատիւ կը բերեն հայ ժողովուրդին»:
Ցուցահանդէսը կը վայելէր տէր եւ տիկին Անդրանիկ Զօրայեանի հովանաւորութիւնը, եւ բաց մնաց մինչեւ Սեպտեմբեր 18, կ.ե. ժամը 4:00:
Ցուցահանդէսի արուեստի գործերը «Stephanies» ցուցադրասրահի սեփականատէր Սեփոն եւ Լինտա Ստեփանեաններու անձնական հաւաքածոյէն էին: