ՊԸՐՊԵՆՔ.- Առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեան, կրթական նոր տարեշրջանին առթիւ, Սեպտեմբեր 15ին իր առաջին այցելութիւնը շնորհեց Փասատինայի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ Ալֆրէտ եւ Մարկարիթ Յովսէփեան վարժարանին, ուր հանդիպում ունեցաւ տնօրէնութեան եւ ուսուցչական կազմին հետ, ապա այցելեց դասարանները եւ մտերմիկ զրոյց ունեցաւ աշակերտներուն հետ: Ան Սեպտեմբեր 13ի երեկոյեան հանդիպում ունեցած էր նաեւ վարժարանի խնամակալ մարմինին հետ:
Նաեւ, սրբազան հայրը Սեպտեմբեր 13ին, ՀԲԸՄ Մանուկեան-Տէմիրճեան վարժարանը այցելեց ու իր պատգամը փոխանցեց աշակերտութեան, ապա յատուկ հանդիպում ունեցաւ Ծնողաուսուցչական մարմինին հետ՝ իր թելադրութիւնները տալով վարժարանի բարգաւաճման համար: