ՊԸՐՊԵՆՔ.- Հայ առաքելական եկեղեցւոյ Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեանի հովանաւորութեամբ, եւ կազմակերպութեամբ Քալիֆորնիահայ գրողներու միութեան, Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 7ին, առաջնորդարանին մէջ տեղի պիտի ունենայ մշակութային ձեռնարկ մը՝ Թարգմանիչ վարդապետներու տօնին առիթով: Երեկոյեան ժամը 5-6 տեղի պիտի ունենայ ընկերային ժամ, ապա ճիշդ ժամը 6ին պիտի սկսի օրուան յայտագիրը: Յայտագիրին պիտի մասնակցին երեք դասախօսներ՝ բանաստեղծ Գրիշ Դաւթեան, դոկտ. Զաւէն Ա. քհնյ. Արզումանեան եւ Տաճատ Ծ. վրդ. Եարտըմեան:
Հեղինակային ընթերցումներ պիտի կատարեն գրականագէտ Գէորգ Քրիստինեան, բանաստեղծուհի Եսթեր Դաւթեան, բանաստեղծուհի Ագնէս եւ արձակագիր Ռ. Կորիւն: Ձեռնարկը պիտի վարէ արձակագիր Սարգիս Վահագն:
Մուտքը ազատ է: