Շաբաթ, Սեպտեմբեր 24ին, Հայց. եկեղեցին կը նշէ Սուրբ Գէորգի տօնը: Կը կարծուի, թէ Ս. Գէորգ ծնած է մօտաւորապէս 303ին եւ եղած է Հռոմի հեթանոս կայսրին ամենասիրուած զինուորներէն մէկը: Իբրեւ անվախ քրիստոնեայ մը, ան դէմ կը դնէ քրիստոնեաները հալածելու կայսրի որոշումին եւ անոր դիմաց ելլելով՝ կը քննադատէ այդ քայլը ու կը լքէ Հռոմի բանակը. իբրեւ հետեւանք, ան բազմաթիւ չարչարանքներու կ՛ենթարկուի ու կը գլխատուի:
Ս. Գէորգի աւանդական նկարներուն մէջ ան ներկայացուած է ձիու մը վրայ՝ կին մը ազատելու համար վիշապ մը սպաննելու ընթացքին: