ՓՈՔՐԻԿ ՀԱՅԱՍՏԱՆ.- Ինչպէս ամէն տարի, այս տարի եւս ՀԵԴն նախաձեռնած է Փոքրիկ Հայաստանը
մաքրելու արշաւի մը, որ տեղի պիտի ունենայ Կիրակի, Հոկտեմբեր 8ին, կ.ա. ժամը 10էն մինչեւ կ.ե. ժամը 3:
Հարիւրաւոր կամաւորներու մասնակցութիւնը կ՛ակնկալուի արշաւին, որ իր տեսակին մէջ իններորդն է:
Նախորդ տարիներուն նման, Լոս Անճելըսի քաղաքապետական խորհուրդի ատենապետ Էրիք Կարսեթի եւ Քալիֆորնիոյ Ծերակոյտի անդամ Քեւըն տը Լիոն, որոնց ընտրատարածքներէն ներս կ՛իյնայ Փոքրիկ Հայաստանը, իրենց աջակցութիւնը պիտի բերեն սոյն արշաւին, որուն կազմակերպական աշխատանքները ստանձնած է Հոլիվուտի ՀԵԴի «Մուսա Տաղ» ուխտը:
Այս տարուան ծրագիրին մէջ եւս նկատի առնուած են ծառատունկ ու հրոսակախումբերու կողմէ պատերու վրայ գրուած գրութիւններու մաքրութիւն:
Արշաւի բացման արարողութիւնը տեղի պիտի ունենայ առաւօտեան ժամը 10ին, Հոլիվուտի Ռոզ եւ Ալէք Փիլիպոս Ազգ. վարժարանին մէջ (1615 N. Alexandria Ave., Los Angeles, CA 90027): Փակումը եւս տեղի պիտի ունենայ նոյն վարժարանին մէջ:
Մաքրութեան արշաւի մասնակիցներուն պիտի բաժնուին յատուկ շապիկներ եւ զովացուցիչներ:
Յաւելեալ տեղեկութեանց համար, դիմել ayf@ayfwest.org հասցէին կամ (818) 507-1933 թիւին: