
ՓՈՔՐԻԿ ՀԱՅԱՍՏԱՆ.- Առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեան Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 16ին, Հոլիվուտի ԹՄՄ Արշակ Տիգրանեան վարժարանի 2011-2012 կրթական նոր տարեշրջանի առաջին այցելութիւնը շնորհեց ու հանդիպում ունեցաւ տնօրէնութեան եւ ուսուցչական կազմին հետ, ապա դասարանները այցելելով՝ մտերմիկ զրոյց ունեցաւ աշակերտութեան հետ եւ իր խրատները փոխանցեց անոնց, որպէսզի լծուին իրենց կրթութեան եւ ապագայ ծրագիրներուն: Աւարտին ան իր օրհնութիւնները բաշխեց բոլորին: