ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Ֆրանքֆուրթի «Հայ մետիա» հրատարակչութեան մէջ 2011 Սեպտեմբեր 6ին լոյս տեսած է գերմանացի գրող Եոխեն Մանկելսընի «Հայաստան Մոլորակը. Ուխտագնացութիւն Անծանօթ Երկրի Մէջ» գիրքը: Հոկտեմբեր 3ին լրագրողներու հետ հանդիպման ժամանակ այս մասին յայտնեց գիրքին հեղինակը։ Ան ըսաւ, որ նման գաղափար յառաջացած է, երբ 2010ին կը շրջէր Հայաստանի քաղաքներով:
«Ես հասկցայ, որ անծանօթ երկրին մասին ոչինչ գիտեմ, եւ նպատակ դրի հասնիլ նաեւ Թադիվանք», նշեց Մանկելսըն:
Գիրքին մէջ ներկայացուած են շարք մը առասպելներ, արծարծուած են մշակութային եւ քաղաքական հարցեր:
Եոխեն Մանկելսըն երեք շաբթուան ընթացքին անցած է Երեւան-Էջմիածին-Մուղնի-Վանաձոր-Դիլիջան-Քարվաճառ-Թադիվանք ճանապարհով, որուն 500 քլմ.ը՝ հետիոտն:
Հեղինակը յոյս յայտնեց, որ գիրքը շուտով կը թարգմանուի նաեւ հայերէնի: