ԵՐԵՒԱՆ.- Յանցագործ խումբը ամբողջութեամբ ձերբակալուած է: Մինչ այս պահը, ոեւէ պաշտօնեայ կամ անոր որդին «Պանտա» յանցագործ խումբին մէջ չէ ներգրաւուած: Այս մասին յայտարարեց ՀՀ ոստիկանապետ Ալիկ Սարգսեան, Սեպտեմբեր 29ին լրագրողներու հետ ճեպազրոյցի ընթացքին:
«Այս խումբը վերջացած խումբ է, այն ուղղման ալ ենթակայ չէ», աւելցուց ան եւ նշեց, թէ չորս յանցագործութիւններ կատարուած են յանցագործ այս խումբին կողմէ, իսկ գողցուած գումարներն ալ ծախսուած են: Ըստ Սարգսեանի, կարիք չկայ դարձեալ տալ այդ մարդոց անունները, որոնց տուները մտած են յանցագործները:
Ինչ կը վերաբերի Լաւաշի Սուրիկի յայտարարութեան, թէ՝ ոստիկանութիւնը իր որդիները ձերբակալած է՝ իր գործարարութիւնը ձեռքէն առնելու համար՝ ոստիկանապետը յայտարարեց, որ «Պանտա»ի վնասազերծումը գործարարութեան հետ բացարձակապէս կապ չունի: «Հակառակը, կ՛ողջունենք, որ յանցագործ աշխարհի նախկին ներկայացուցիչները փող աշխատին, ուրիշներու ունեցուածքին աչք չդնեն», աւելցուց Ալիկ Սարգսեան, որ նաեւ տեղեկացուց, թէ յանցագործ խումբին ղեկավարները երկու հոգի են, մէկը ուղեղն է, իսկ միւսը՝ բռնութեան կողմնակիցը: