ԵՐԵՒԱՆ.- Հայաստանի ճարտարապետներու միութեան անդամները Սեպտեմբեր 30ին քննարկում իրականացուցած են կառավարութեան շէնքի բակին մէջ կառուցուելիք թմբուկին վերաբերեալ:
Նախքան քննարկումը սկսիլը, միութեան անդամներն ու ճարտարապետները լրացուցած են քուէաթերթիկները՝ արտայայտելով իրենց կարծիքը աշտարակի (թմբուկ) կառուցման առնչութեամբ:
Օրուան վերջաւորութեան պարզ դարձած քուէարկութեան արդիւնքներուն համաձայն, ճարտարապետներու ճնշող մեծամասնութիւնը՝ 170 հոգի, դէմ արտայայտուած է աշտարակի կառուցման, 13ը՝ կողմ, երեքը՝ ձեռնպահ մնացած է, իսկ 15 քուէաթերթիկներ անվաւեր ճանչցուած են:
Յիշեցնենք, որ Ալեքսանդր Թամանեանի նախագիծին համաձայն, կառավարութեան շէնքի բակին մէջ պէտք է գոյութիւն ունենար աշտարակ մը, որ տարբեր պատճառներով չէ կառուցուած: Երեւանի գլխաւոր ճարտարապետ Նարեկ Սարգսեան որոշած է վերականգնել Թամանեանի նախագիծը՝ իր լրամշակումներով: Կառուցուելիք շինութեան մէջ կը նախատեսուի տեղաւորել սփիւռքի եւ արդարադատութեան նախարարութիւնները:
Ճարտարապետները կը կարծեն, թէ Նարեկ Սարգսեան իրաւունք չունի նման նախագիծեր իրականացնելու, առանց իրենց հետ քննարկումներ ծաւալելու: Անոնք կը նշեն, որ կառավարութիւնը իր որոշումով խախտած է շարք մը օրէնքներ՝ հասարակութեան տեղեակ չպահելով ծրագրուող գործողութիւններուն մասին, կառուցապատողը ընտրելու համար մրցոյթ չյայտարարելով, եւ վերջապէս՝ Թամանեանի անուան տակ խեղաթիւրելով մայրաքաղաքին տեսքը: