ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- ՀՀ աշխատանքի եւ հասարակական հարցերու նախարարութիւնը կառավարութեան քննարկման ներկայացուցած է «Կանանց եւ տղամարդկանց հաւասար իրաւունքների եւ հաւասար հնարաւորութիւնների ապահովման» հարցը: Ըստ կառավարութեան պաշտօնական կայքէջին, սոյն հարցը ներառուած է Հոկտեմբեր 6ի կառավարութեան նիստի օրակարգին:
Սակայն շարք մը գերատեսչութիւններ քննադատած են սոյն օրինագիծը: Այսպէս, արդարադատութեան նախարարութեան եզրակացութեան համաձայն, նման օրէնքի անհրաժեշտութիւն ընդհանրապէս չկայ, քանի որ կանանց եւ տղամարդոց իրաւահաւասարութիւնը երաշխաւորուած է Սահմանադրութեամբ. «Գտնում ենք, որ ներկայացուած օրէնքի նախագծով այդ յարաբերութիւնների կարգաւորում նախատեսելն արդէն իսկ իրենից ենթադրում է գենդերային (սեռական) խտրականութեան առկայութեան հաստատում: Ուստի, գտնում ենք, որ գենդերային հաւասարութեան հետ կապուած յարաբերութիւնները նոր օրէնքի նախագծով կարգաւորելու անհրաժեշտութիւնը չկայ», նշուած է արդարադատութեան նախարարութեան եզրակացութեան մէջ:
Իսկ տարածքային կառավարման եւ տնտեսութեան նախարարութիւններուն համար հաճելի չեն օրէնքի նախագիծին այն դրոյթները, ըստ որոնց, կազմակերպութիւններուն մէջ կը սահմանուի «քոթա»՝ ըստ սեռի. (այսինքն՝ իւրաքանչիւր սեռի ներկայացուցիչները պէտք չէ գերազանցեն 70 տոկոսը):
«Կենտերային ներկայացուածութեան 70 տոկոսը չգերազանցելու սկզբունքը համարում ենք անընդունելի, քանի որ ըստ ՀՀ Սահմանադրութեան 29րդ յօդուածին, իւրաքանչիւր քաղաքացի ունի աշխատանքի ազատ ընտրութեան իրաւունք, եւ հետեւաբար, տուեալ սեռի ներկայացուցչին աշխատանքի չընդունելու հիմնաւորումը կը հակասի ՀՀ Սահմանադրութեան վերոնշեալ յօդուածին», նշուած է տարածքային կառավարման նախարարութեան առաջարկին մէջ: