ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- ՀՀ պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեան Հոկտեմբեր 4ին հրաւիրած է արտակարգ նիստ մը՝ նախարարութեան «N» զօրամասին պատկանող «Սատկօ» վաճարանիշով ինքնաշարժի արկածին առնչութեամբ:
Յիշեցնենք, որ արկածին հետեւանքով ինքնաշարժին վրայ գտնուող զինուորական ժամկէտային ծառայողներէն վեցը՝ տարբեր աստիճանի մարմնական վնասուածքներով տեղափոխուած են Արմաւիրի քաղաքային հիւանդանոց: Զինուորական ժամկէտային ծառայող, 21ամեայ Հայկ Դաւթեան մահացած է Արմաւիրի հիւանդանոցին մէջ:
ՊՆ մամլոյ խօսնակ Դաւիթ Կարապետեանի համաձայն, ներկայիս պաշտպանութեան նախարարը կը գտնուի Պրիւքսէլ: Միջադէպին առնչութեամբ կ՛իրականացուի ծառայողական քննութիւն. Հայաստան վերադառնալէ ետք նախարարին պիտի զեկուցուի քննութեան արդունքները, ապա Սէյրան Օհանեան պիտի կայացնէ համապատասխան որոշում:
Ըստ կարգ մը աղբիւրներու, յառաջիկայ օրերուն պիտի պաշտօնազրկուին նշեալ զօրամասի գունդի հրամանատարը եւ տեղակալները, իսկ շարք մը զինուորականներ, ներառեալ՝ սպաներ, պիտի ստանան խիստ նկատողութիւն: