Երկօրեայ պետական այցով՝ այսօր Հայաստան կը ժամանէ Ֆրանսայի նախագահ Նիքոլա Սարքոզի: Այցի ծիրէն ներս Ֆրանսայի նախագահը հանդիպումներ պիտի ունենայ նախագահ Սերժ Սարգսեանի ու Ամենայն Հայոց կաթողիկոս Գարեգին Բ.ի հետ, նաեւ պիտի այցելէ Մեծ Եղեռնի յուշահամալիր եւ յարգանքի տուրք մատուցէ Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին:
Հայաստանի նախագահի մամլոյ ծառայութենէն կը տեղեկացնեն, թէ Երեւանի մէջ Նիքոլա Սարքոզի, Սերժ Սարգսեանի ընկերակցութեամբ պիտի մասնակցի Շարլ Ազնաւուրի տուն-թանգարանի բացումին, ու ներկայ պիտի գտնուի Օկիւսթ Ռոտենի հեղինակած Ժիւլ Պասթիէն Լըփաժի արձանի նուիրաբերութեան արարողութեան: Այս քանդակը Ֆրանսայի հանրապետութեան նուէրն է Հայաստանի: