ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի ֆութպոլի հաւաքականը Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 7ին, Եւրոպայի ֆութպոլի ախոյեանութեան զտումի հերթական մրցումի մը ընթացքին, 4-1 արդիւնքով տպաւորիչ յաղթանակ մը եւս արձանագրեց Մակեդոնիոյ դէմ՝ ժամանակաւորապէս բարձրանալով Բ. խմբակի երկրորդ դիրք:

Առաջին կիսախաղի 28րդ վայրկեանին, մրցումին հաշիւը բացաւ Մարքոս Փիզելին, Եուրա Մովսիսեանէն հոյակապ փոխանցում մը ստանալով: 34րդ վայրկեանին, Հենրիկ Մխիթարեան կրկնապատկեց հաշիւը: Կիսախաղը 2-0 արդիւնքով աւարտեցաւ:
68րդ վայրկեանին, Եուրա Մովսիսեանի փոխանցումէն ետք, Գէորգ Ղազարեան դարձեալ գրաւեց հիւրերուն դարպասը, մինչ 86րդ վայրկեանին, հիւրը յաջողեցաւ կրճատել հաշիւին տարբերութիւնը եւ Վանչէ Շիքովը դարձաւ Մակեդոնիոյ հաւաքականի որբ կօլին հեղինակը:
Մրցումի վերջին պահերուն, Արթուր Սարգիսով, դարձեալ Մովսիսեանէն փոխանցում մը ստանալով՝ 4ի հասցուց մրցումին արդիւնքը:
Նշենք, որ մրցումին ներկայ էր նաեւ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանը:
Հայաստանի հաւաքականը Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 11ին, Իրլանտայի մէջ պիտի կատարէ իր վերջին մրցումը, ուր հիւրընկալներուն դէմ յաղթանակ մը հարկաւոր է՝ աւարտախաղերուն հասնելու համար: