ՊԵՐԼԻՆ.- Գերմանական «Տեր Շփիկըլ» ամսագիրը, անդրադառնալով թրքական իշխանութիւններուն կողմէ Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութեան դէմ կատարուող գործողութիւններուն՝ կը գրէ, թէ չի բացառուիր, որ Թուրքիոյ մaէջ քաղաքացիական պատերազմ սկսի: «Բախումները կը սաստկանան։ Ամէն օր զոհեր կան։ Ապագան վարչապետ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանի ձեռքն է։ Ան պիտի որոշէ՝ խնդիրը դիւանագիտական ճանապարհո՞վ կարգաւորել, թէ ռազմական», կը գրէ «Տեր Շփիկըլ»։
Միւս կողմէ՝ «Մարմարա» կը տեղեկացնէ, թէ Թուրքիոյ ապահովական մարմինները ձեռք ձգած են խօսակցութեան արձանագրութիւն մը, որ վախազդու տուեալներ կը բովանդակէ քիւրտ անջատողականներու կողմէ Պոլսոյ մէջ ծրագրուող յարձակումներու մասին, ի պատասխան քրտաբնակ շրջաններու մէջ բանակին եւ ոստիկանութեան կողմէ քիւրտ յեղափոխականներու դէմ կատարուած զանգուածային գործողութիւններուն։
Նաեւ, քիւրտ ղեկավար Ահմետ Թուրք, Ուրբաթ օր դատապարտեց այս շաբթուան ընթացքին աւելի քան 100 քիւրտեր ձերբակալելու մասին կառավարութեան որոշումը: Անոնք ձերբակալուած էին Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութեան հետ կապեր ունենալու կասկածներուն պատճառով: Ձերբակալեալներուն մէջ կան նաեւ քրտամէտ Խաղաղութիւն եւ ժողովրդավարութիւն կուսակցութեան անդամներ: Ա. Թուրք այդ ձերբակալութիւնները «քաղաքական ցեղասպանութիւն» անուանած է՝ միաժամանակ դատապարտելով «քիւրտերու դէմ պատերազմի քաղաքականութիւն» որդեգրած Թուրքիոյ իշխանութիւնները:
Տիարպեքիրի մէջ Ուրբաթ օր կայացած հաւաքին ընթացքին, Թուրք յայտարարեց, որ քիւրտերը պիտի շարունակեն խաղաղօրէն պայքարիլ Թուրքիոյ մէջ արժանապատիւ եւ ազատ կեանք ապահովելու համար: