Պատրաստեց՝
ԲԺԻՇԿ ԿԱՐՊԻՍ ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ
ԺԷ. Սողնախտագօտի
(herpes zoster).

Այս ախտը կը յառաջանայ որոշ ժահրով մը, որ կը կոչուի Herpes zoster ժահր: Այս ժահրը նաեւ կը յառաջացնէ ջրծաղիկը:
Սողնախտագօտին կը յայտնուի ամբողջ մարմինին վրայ, բայց մասնաւորապէս կրծքավանդակին վրայ: Ան կը պատահի որեւէ մէկ տարիքի առանց սեռի խտրութեան: Անոր ախտանշաններն են հեղուկային բշտիկներ, որոնք կը տեսնուին կրծքավանդակի կողոսկրներու (ribs) միջեւ եւ որոնց կ՛ուղեկցի տեղայնական, երկարատեւ եւ ուժգին ցաւ ու յաճախ քերուըտուք: Սողնախտագօտիի ապաքինումը երկար ժամանակ կ՛ենթադրէ, երբեմն նոյնիսկ ամիսներ: Ապագինման վերջաւորութեան հեղուկային բշտիկները կը չորնան եւ կը սպիանան, իսկ տեղայնական ցաւը կ՛անհետանայ ամբողջովին: Շատ հազուագիւտ պարագաներուն սողնախտագօտիի ժահրը կը հարուածէ աչքի զանազան մասերը եւ ականջի արտաքին ու ներքին բաժինները: Սողնախտագօտին յատուկ դարման չունի. Ցաւաբէկ եւ հակաքերուըտուքի դեղերն են, որոնք միայն կը գործածուին մեղմացնելու համար ցաւը եւ քերուըտուքը:
ԺԸ. Ոջլոտութիւն
(pediculosis, lice infestation).
Ոջլոտութիւնը վարակիչ եւ համատարած վարակ մըն է, որ կը պատահի ամէն տարիքի եւ երկու սեռերուն: Կան ոջիլի 3 տեսակներ, որոնք կ՛ապրին մարմնին երեք տարբեր մասերուն վրայ՝ գլուխ, ընդհանուր մարմին եւ սեռային արտաքին օրկաններու շրջապատ կամ ցայլք (pubis):
Գլխու ոջլոտութիւնը կը պատահի ընդհանրապէս դպրոցական տարիքի մէջ գտնուող տղոց եւ աղջիկներու մօտ, առաւելաբար աղջիկներու մօտ, սակայն ան կրնայ պատահիլ որեւէ տարիքի եւ որեւէ տեղ։ Գլխու ոջիլը կը փոխանցուի անձէ անձ մազերու անմիջական շփումով։ Ոջիլները կը տեղաւորուին եւ կը կառչին գլխու մազերուն, յօնքի, թարթիչներու եւ մօրուքի վրայ. անոնք կը բազմանան շատ արագ եւ կը ձգեն իրենց մոխրագոյն անիծները (nits) մազերու ձողուններուն (stem, stalk) վրայ։ Իւրաքանչիւր ոջիլ կ՛արտադրէ 3-5 անիծներ, որոնք աւելի նշմարելի կ՛ըլլան քան ոջիլները։ Գլխու ոջլոտութեան միակ ախտանշանը հետեւեալն է՝ գլխու, մօրուքի, յօնքերու եւ թարթիչներու սուր քերուըտուք:
Մարմնական ոջլոտութեան պարագային ոջիլները կ՛ապրին վարակուողին հագուստներուն եւ անկողինին վրայ եւ ոչ թէ անոր մարմնին վրայ։ Վարակումը կը պատահի ընդհանրապէս երիտասարդներու եւ տարեցներու մօտ, որոնք կ՛ապրին առաւելաբար տնտեսապէս աղքատ խմբաւորումներու եւ խճողուած հաւաքավայրերու մէջ: Առողջ անհատ մը կը վարակուի գործածելով վարակուած անձի մը հագուստները եւ կամ անոր անկողինը։ Ոջիլները կ՛ապրին ընդհանրապէս ուսերու, յետոյքի (buttock) եւ փորի մազերու ձողուններուն վրայ, ուր կը ձգեն իրենց մոխրագոյն անիծները։ Այս ոջլոտութեան ախտանշանները հետեւեալներն են՝ մարմնական տեղայնական քերուըտուք, մորթի կարմրագոյն խայթուածքի նշաններ եւ երկրորդական բորբոքումներու հետքեր։ Անոր ախտաճանաչումը դարձեալ շատ պարզ է՝ ոջիլներուն եւ անոնց անիծներու ներկայութիւնը մարմինի զանազան բաժիններու մազերուն վրայ:
Ցայլքի ոջլոտութիւնը առաւելաբար կը տեսնուի երկու սեռերու երիտասարդներու եւ պատանիներու մօտ։ Առողջ անհատ մը կը վարակուի այս ոջլոտութեամբ, երբ ան սեռային անմիջական յարաբերութիւն ունենայ վարակուած անձի մը հետ եւ կամ գործածէ անոր անկողինը, հագուստները եւ անձեռոցները։ Այս ոջլոտութեան ախտանշաններն են՝ քերուըտուք, մորթային սկրթումներ եւ փշտիկներ՝ հոս ու հոն եւ տեղայնական աւշագեղձերու յայտնաբերում։ Ոջլոտութեան ախտաճանաչումը կ՛ըլլայ տեսնելով ապրող ոջիլները եւ անոնց մոխրագոյն եւ կամ բաց սրճագոյն անիծները: Անոր դարմանումը շատ պարզ է։ Կան յատուկ ոջիլասպան օծաններ (ointments) եւ shampoo-ներ, որոնք կը հարուածեն ոջիլները եւ վերջնականապէս կ՛ոչնչացնեն ոչ միայն ոջիլները այլ նաեւ անոնց անիծները։
ԺԹ. Մանկական հիւանդութիւններ, որոնք կը յատկանշուին որոշ մորթային ախտանշաններով՝
ա. Ձեռքի, ոտքի, եւ բերանի հիւանդութիւն (hand, foot and mouth disease). այս հիւանդութիւնը ժահրային փոխանցիկ վարակ մըն է եւ անոր թխսաւորման ժամանակամիջոցը 3-4 օր է: Անոր ախտանշաններն են՝ մեծ թիւով շատ պզտիկ բշտիկներ՝ մասնաւորապէս բերնին, ոտքին եւ ձեռքերուն վրայ եւ մեղմ ջերմ, որ կը տեւէ քանի մը օր միայն։ Ան փոխանցիկ է, մինչեւ այն ատեն որ բշտիկները գոյութիւն ունին։ Ձեռքի, ոտքի եւ բերանի հիւանդութիւնը կը դարմանուի հակաջերմ դեղերով եւ առատ հեղուկ խմելով։
բ. Շարագոյն վարակ-կարմրախտ (scarlet fever).
Շարագոյն վարակը կոկորդի ցպկային զօրաւոր բորբոքում մըն է։ Անոր ախտանշաններն են՝ բարձր ջերմ, կոկորդի զօրաւոր ցաւ, կլլելու դժուարութիւն, նշիկներու (tonsls) բորբոքում, վիզի աւշագեղձերու ծաւալում, գլխացաւ, մարմնական ընդհանուր ցաւ եւ կոտրտուք, փորի ցաւ, նողկանք (nausea), փսխունք, մարմնի եւ մասնաւորապէս կուրծքի ցան (rash), որ կը տեւէ 7-10 օր:
Ախտաճանաչումը կը կարօտի կոկորդաջնջանի քննութեան (throat swab-culture)։ Դարմանումը կը կատարուի յատուկ հակացպկային դեղերով, առատ հեղուկ խմելով եւ հակաջերմ դեղերով։
գ. Հինգերորդ հիւանդութիւն
(fifth disease).
Հինգերորդ հիւանդութիւնը ժահրային մանկական շատ յաճախակի եւ փոխանցիկ վարակ մըն է. կը փոխանցուի օդի միջոցով՝ հազալով եւ կամ փռնգտալով։ Անոր թխսաւորումի ժամանակամիջոցը 10-15 օր է. իսկ ախտանշաններն են՝ քիթի հոսք, կոկորդի ցաւ, գլխացաւ եւ եռք, մորթի կարմիր եւ մանր բշտիկներու ցան, որ կը մնայ 15 օր: Ցանը նախ կը յայտնուի երեսին վրայ եւ ապա՝ ամբողջ մարմինին վրայ, մասնաւորապէս՝ քիթին, բազուկներուն, սրունքներուն եւ յետոյքին վրայ։ Այս վարակը կը հարուածէ 4-12 տարեկան երեխաները: Շատ քիչ պարագաներուն ան կրնայ վարակել նաեւ երիտասարդները, որոնք կ՛ունենան նաեւ յօդացաւ։ Հինգերորդ հիւանդութիւնը կը տեւէ 2-3 շաբաթ: Ապաքինումէն ետք մորթային ցանը կրնայ վերադառնալ, երբ անհատը երկար ժամեր արեւու ճառագայթներուն ենթակայ ըլլայ եւ կամ շատ տաք միջավայրի մէջ գտնուի։ Հինգերորդ հիւանդութիւնը յատուկ դարմանումի չի կարօտիր: Յղի կիներ վարակուելով այս հիւանդութեամբ կրնան վիժում ունենալ։
դ. Վարդացան (roseola).
Վարդացանը ժահրային փոխանցիկ մեղմ վարակ մըն է, որ կը հարուածէ ընդհանրապէս 6-24 ամսու մանուկները. հազուադէպօրէն կը տեսնուի 4 տարեկանէն ետք։ Անոր թխսաւորման ժամանակամիջոցը 10-15 օր է. իսկ փոխանցումը կը պատահի ուղղակի դպչելով եւ լորձունքի միջոցով։ Վարդացանի ախտանշաններն են՝ անակնկալ բարձր ջերմ, կարմիր-վարդագոյն ցան վիզի եւ թեւերու վրայ եւ ապա՝ ամբողջ մարմնին վրայ: Ցանը կը մնայ 3-5 օր, եւ այս պատճառով ան կը կոչուի նաեւ երեք օրուան վարակ։ Վարդացանը կը դարմանուի հակաջերմ դեղերով եւ առատ հեղուկ խմելով։
ե. æրծաղիկ
(chicken pox).
æրծաղիկը ժահրային փոխանցիկ վարակ մըն է: Անոր թխսաւորման ժամանակամիջոցը 10-20 օր է. ան կը փոխանցուի օդի միջոցով եւ ուղղակի դպչելով։ æրծաղիկի ախտանշաններն են՝ ջերմութիւն, գլխացաւ, կոկորդի ցաւ, քերուըտուք, հիւանդագին վիճակ, յոգնածութիւն, ցան, որ կը տեսնուի կարմիր կէտերով եւ բշտիկներով ամբողջ մարմինին վրայ։ Առաջին բշտիկներու յայտնաբերումէն 2-3 օր ետք բշտիկները կը բացուին, կը չորնան, կը սպիանան եւ կը կեղեւաւորուին. յաջորդ 5-7 օրերու ընթացքին նոր բշտիկներ կը յայտնուին, որոնք կամաց-կամաց անոնք ալ կը չորնան ու կը սպիանան։ æրծաղիկը փոխանցիկ է բշտիկներու յայտնուելէն 2-3 օր առաջ եւ մինչեւ անոնց անյայտանալէն 6 օր ետք։ Ամէն մարդ կը վարակուի այս հիւանդութեամբ, եթէ չէ պատուաստուած (vaccinated)։ æրծաղիկի առաջին վարակումէն ետք հազուադէպ է, որ անհատը երկրորդ անգամ ունենայ այս վարակը. այսինքն առաջին վարակէն ետք ան կ՛ունենայ ամբողջական դիմադրողականութիւն-ախտամերժողականութիւն (immunity) ջրծաղիկի դէմ։ Ապաքինումէ ետք, ջրծաղիկի ժահրը կ՛ապրի մարմինին մէջ երկար տարիներ, առանց վնաս հասցնելու անհատին, սակայն յաճախ ան կը վերստանայ իր աշխուժութիւնը, կը դառնայ գործօն եւ կը յառաջացնէ սողնախտագօտի (herpes zoster)։ æրծաղիկը կանխարգելի (preventable) է յատուկ պատուաստով (vaccination) մը։ Ան կը դարմանուի ֆիզիքապէս հանգիստ ընելով, հակաջերմ եւ քերուըտուքի դեղեր գործածելով։ Այն անհատը որ պատուաստուած չէ եւ անցեալին չէ ունեցած այս վարակը, կրնայ զերծ մնալ այս վարակէն վարակուած անձի մը հանդիպելէ ետք պարզապէս գործածելով յատուկ ջրծաղիկի հակամարմիններ (antibodies)։
զ. Հարսանիթ
(measles).
Հարսանիթը ժահրային փոխանցիկ վարակ մըն է։ Անոր ախտանշաններն են՝ փռնգտուք, հազ, բարձր ջերմ, վիզի աւշագեղձերու ծաւալում, փորհարութիւն, աչքերու կարմրութիւն, կարմիր բշտիկներ՝ բերանին մէջ եւ ապա՝ ընդհանուր մարմնական ցան, որոնք կը մնան մօտաւորապէս 7-10 օր։ Հարսանիթը կը դարմանուի ֆիզիքապէս հանգիստ ընելով, հակաջերմ դեղեր առնելով եւ առատ հեղուկ խմելով։ Ան կանխարգելի է յատուկ պատուաստով մը։ Շատ քիչ պարագաներուն հարսանիթը կ՛ունենայ նաեւ ուղեկցող բարդութիւններ, որոնցմէ կարեւորագոյնն է թոքատապը (pneumonia)։
է. Գերմանական հարսանիթ (german measles, rubella).
Գերմանական հարսանիթը ժահրային փոխանցիկ վարակ մըն է։ Անոր թխսաւորման ժամանակամիջոցը 14-21 օր է։ Գերմանական հարսանիթի ախտանշաններն են՝ վարդագոյն-կարմիր ցան, քերուըտուք, ջերմ եւ գլխացաւ։ Ան կը փոխանցուի դպնալով եւ քիթի, կոկորդի եւ բերանի հեղուկներով։ Մէկ վարակումով անհատը կ՛ունենայ ամբողջական ախտամերժողականութիւն։ Յղի կիներ մեծ ուշադրութիւն պէտք է ընեն եւ հեռու մնան այս վարակը ունեցողներէն, որովհետեւ իրենց վարակումով կը վարակուի նաեւ աճող սաղմը, որ կ՛ունենայ զանազան տեսակի ընդոծին մարմնական եւ մտային թերութիւններ, իսկ իրենք կրնան ունենալ անակնկալ վիժում։ Գերմանական հարսանիթը կը դարմանուի առատ հեղուկ խմելով, ֆիզիքապէս հանգիստ ընելով եւ հակաջերմ դեղ գործածելով։
ը. Ծաղկախտ
(small pox, varicella).
Ծաղկախտը ժահրային շատ փոխանցիկ վարակ մըն է: Անոր փոխանցումը կ՛ըլլայ դպչելով եւ օդի միջոցով, իսկ թխսաւորման ժամանակամիջոցը 10-12 օր է։ Ծաղկախտի ախտանշաններն են՝ ջերմ, գլխացաւ, յոգնածութիւն, մարմնական եւ կռնակի ցաւ, փորի ցաւ, կարմիր բշտիկներ նախ՝ բերնին մէջ, երեսին եւ բազուկներուն վրայ եւ ապա երանին եւ սրունքներուն վրայ։ Բշտիկները կը թարախոտին, կը չորնան, կեղեւ կը կապեն ու կը սպիանան: Ան փոխանցիկ է բշտիկներու գոյութեան ամբողջ ընթացքին։ Ծաղկախտը կը դարմանուի կատարեալ ֆիզիքական հանգիստով, առատ հեղուկ խմելով եւ հակաջերմ դեղերով։ Ան կանխարգելի է յատուկ պատուաստով մը։
(Շար. 3 եւ վերջ)