
ԹԵՀՐԱՆ.- ««Ճանաչել զիմաստութիւն եւ զխրատ, իմանալ զբանս հանճարոյ», շնորհաւոր Սասուն քաղաքամասի «Թունեան» աղջ. տարր. դպրոցի եւ «Սասուն» մանկապարտէզի նորակառոյց շէնքի բացումը: Ահա նման վերտառութեամբ գրուած պաստառով էր զարդարուած նորակառոյց դպրոցի ճակատը, որը տարիների սպասումից յետոյ՝ նոր եռանդ ու լիցք հաղորդեց ոչ միայն յիշեալ քաղաքամասի համայնքին ու այդ դպրոցը յաճախող աշակերտներին, այլեւ՝ թեհրանահայութեանը», կը գրէ «Ալիք» օրաթերթը:
Չորեքշաբթի, 12 Հոկտեմբերի երեկոյեան դպրոցի մուտքը իրենց շարքերով զարդարած էին աշակերտուհիները եւ անհամբեր կը սպասէին պաշտօնական բացման հանդիսութեան: Դպրոցի մուտքի դրան ամրացուած ժապաւէնը, իր օրհնութեան խօսքէն ետք, հատեց Թեհրանի հայոց թեմի առաջնորդ Սեպուհ արք. Սարգիսեանը՝ Պատգամաւորական ժողովի ատենապետ Գէորգ Աբուլեանի, Թեմական խորհուրդի փոխատենապետ Վարուժ Յովհաննիսեանի ուղեկցութեամբ:
Ապա սրբազան հօր գլխաւորութեամբ նորակառոյց դպրոցի օրհնութեան կրօնական արարողութիւն իրականացաւ դպրոցի պատշգամին վրայ, ապա Իրանի պետական քայլերգով եւ Տէրունական աղօթքով սկսաւ նախատեսուած ծրագիրը: Ծրագիր, որ կը մէկտեղուէր ոչ միայն յաւուր պատշաճի արտայայտութիւններով, այլեւ՝ «Սասուն» մանկապարտէզի եւ «Թունեան» դպրոցի աշակերտներու գեղարուեստական կատարումներով՝ երգերով ու ասմունքներով եւ դպրոցի հիմնօրհնէքի, վերակառուցման ու տեղափոխման մասին պատրաստուած բովանդակալից ժապաւէնի ցուցադրումով:
Ողջոյնի խօսք արտասանեց «Թունեան» դպրոցի փոխտեսչուհի Շաքէ Աւետեան:
Կրթական խորհուրդի ատենապետ Իրէն Աբնուսեան իր ելոյթի ընթացքին վերակառուցուած դպրոցի մասին այսպէս արտայայտուեցաւ. «Դպրոց, որը անցնելով 54ամեայ իր ուղին, վերաշինուած ու արդիականացած, այսօր իր դռներն է բացում մեր նոր սերունդի առջեւ, որպէսզի կրթի ու դաստիարակի դարձեալ սերունդներ, որոնք կը դառնան մեր մտաւորականները, բարերարները եւ նուիրուած ազգայինները, քանի որ առաւել քան երբեւէ՝ կարիքն է զգացւում արհեստավարժ, բանիմաց եւ նախանձախնդիր ազգայինների»:
Իր խօսքը փոխանցելու համար բեմ հրաւիրուեցաւ Իրանի Իսլամական խորհրդարանի մէջ հիւսիսային իրանահայութեան պատգամաւոր Գէորգ Վարդանեան:
Ան իր արտայայտութիւններու ընթացքին շեշտեց. «Երկար ժամանակներից, չար ու բարի խօսքերից, լաւ ու վատ օրերից յետոյ, այսօր կանգնած ենք այս գեղեցիկ շէնքի շեմին՝ շնորհաւորելու մեր բալիկներին իրենց նորակառոյց շէնքը, շնորհաւորելու մեր նոր սերունդին իրենց նոր տունը»:
Աւարտին, առաջնորդ սրբազանը ողջունելով վերակառուցուած դպրոցի բացումը, ըսաւ. «Անցնող տարիներուն ընթացքին ասիկա երրորդ կրթական հաստատութիւնն է, որ կառուցուեցաւ «Շան»չ տարր. դպրոցը, «Մարիամեան» ուղեցոյց դպրոցը եւ ահա՝ «Սասուն» մանկապարտէզն ու «Թունեան» դպրոցը: Ասոնք արտաքին վկայութիւններն են մարդկային կեանքի վերանորոգ ընթացքով շարունակման»:
Թեմակալ առաջնորդը նշեց նաեւ, որ երեք տարի առաջ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետի ներկայութեամբ կատարուեցաւ շէնքի հիմնօրհնէքը, իսկ այսօր բացումը կը կատարուի կրթական այս երկու նորակառոյց հաստատութիւններուն:
Նշենք, որ օրուան հանդիսութեան ներկայ էին Իրանի մօտ ՀՀ դեսպան Գրիգոր Առաքելեան եւ դեսպանութեան խորհրդականը, Աւետարանական եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Սերգէյ Շահվերդեան, Մակար վրդ. Աշգարեան, քահանայ հայրեր, պետական հիւրեր եւ հոծ թիւով հայրենակիցներ: