ՄՈՍԿՈՒԱ, «Թերթ.ամ».- Այս տարուան Նոյեմբերին մեծ պաստառ պիտի բարձրանայ Գրիգոր Գէարտուշեանի «Վուազան» շարժապատկերը: Ինչպէս կը հաղորդեն ռուսական լրատուամիջոցները, շարժապատկերին մէջ գործողութիւնները կը ծաւալին 1917ի Հոկտեմբերեան յեղափոխութեան եւ անոր յաջորդած քաղաքացիական պատերազմի տարիներուն: Յեղափոխութենէն ետք Ռուսիոյ մէջ կը բռնկի քաղաքացիական պատերազմ, որուն ընթացքին իրարու կը սպաննեն նոյնիսկ ամենամօտ հարազատները:
Շարժապատկերի գլխաւոր հերոսները՝ հայաստանցի զինուորը եւ ֆրանսացի պարոնը, օդանաւով ոսկի կը տեղափոխեն Հայաստան՝ յեղաշրջում եւ ապստամբութիւն կազմակերպելու համար:
Շարժապատկերին նկարահանումները տեւած են շուրջ 20 տարի, շարք մը դժուարութիւններու պատճառով: Շարժապատկերին շնորհահանդէսը Ռուսիոյ մէջ տեղի պիտի ունենայ 24 Նոյեմբերին:
Ժապաւէնին մէջ նկարահանուած են Անտրէյ Բոտոշեան, Միխայիլ Սուէդին, Ռաֆայէլ Քոթանճեան, Գէորգի Սահակեան, Ալեքսանտր Տեմեանենքօ, Լիւպով Փոլիշչիւք եւ ուրիշներ: Շարժապատկերի «սինեմաթօկրաֆ»ն է (cinematographer-նկարահանման գործունէութեան լուսաւորում եւ տեսախցիկ) Հայկ Կիրակոսեան:
Նշենք, որ բեմադրիչ Գէարտուշեան ծնած է 1954ին, Էջմիածին: Անոր յայտնի ժապաւէններէն են՝ «37րդ սիրավէպը», «Ռուտը եւ Սեմը», «Ճանապարհ դէպի Սասունցի Դաւի»չ: