
Արամ Ա. կաթողիկոս Շաբաթ, 15 Հոկտեմբերի առաւօտուն հանդիպում ունեցաւ Լիբանանի Մարոնի համայնքի հոգեւոր պետ Պշարա Ռայի պատրիարքին հետ։
Վեհափառ հայրապետը, թեմիս առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ երէց միաբաններէն Եփրեմ արք. Թապագեանի, միաբան ու հոգեւոր հայրերու ընկերակցութեամբ այցելութիւն մը տուաւ Լոս Անճելըսի մարոնիներու եկեղեցին եւ դիմաւորուեցաւ պատրիարքին ու հոգեւոր հայրերու կողմէ։ Ռայի պատրիարքին կողքին, հանդիպումին ներկայ եղան Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու եւ Պրազիլիոյ մարոնիներու առաջնորդները եւ երկու հոգեւորականներ։
Մէկ ժամ տեւողութեամբ հանդիպումին ընթացքին, խորհրդակցութեան նիւթ եղան Լիբանանի ներքին կացութիւնը, Միջին Արեւելքի մէջ քրիստոնեաներու ներկայութեան ու ապագային կապուած հարցեր, ինչպէս նաեւ միջին արեւելեան եկեղեցիներու եւ սփիւռքի մէջ ապրող անոնց զաւակներուն յարաբերութիւնները ամրապնդելու եւ գործակցութիւնը զարգացնելու առաջադրանքները։ Երկու հովուապետները շեշտեցին քրիստոնեայ եկեղեցիներուն ու համայնքներուն միասնութեան կարեւորութիւնը եւ զանոնք աւելի եւս ամրապնդելու հրամայականը։ Վեհափառ հայրապետը Ռայի պատրիարքը տեղեակ պահեց գլխաւոր գիծերուն իր այն դասախօսութեան, զոր օր մը առաջ տուած էր UCLA-ի մէջ, Միջին Արեւելքի մէջ քրիստոնեաներու ապագային մասին, եւ ուր անդրադարձած էր շրջանի նորագոյն իրադարձութիւններուն, երեք միաստուածեան կրօնքներու միջեւ դարաւոր գոյակցութեան ու համակեցութեան իրականութեան, զայն պահպանելու հրամայականին, ապա նաեւ քրիստոնեայ եկեղեցիներուն ու անոնց սփիւռքներուն միջեւ կապերուն ու գործակցութեան ամրապնդման անհրաժեշտութեան։
Մարոնիներու պատրիարքը, իր կարգին, տեղեկութիւններ փոխանցեց շրջանիս մէջ իր ունեցած հանդիպումներուն ու անոնցմէ բխող եզրակացութիւններուն մասին, որոնք կ՛առնչուին յատկապէս Լիբանանին ու ընդհանրապէս Միջին Արեւելքին։
Հանդիպումէն ետք, հիւրընկալ ու հիւր հոգեւորականները անցան եկեղեցի, ուր միասնաբար աղօթքի պահ մը ունեցան։ Այնուհետեւ, անոնք կարճատեւ հարցազրոյց մը ունեցան լրագրողներու հետ։ Անոնք գնահատանքով արտայայտուեցան Քալիֆորնիոյ մէջ հայ ու մարոնի համայնքներուն գործակցութեան մասին ու քաջալերեցին, որ կապերը աւելի եւս զարգանան, գործակցութիւնը ամրապնդուի։