Ինչպէս մեր Դատին ու Հայ դպրոցին հանդէպ իր յանձնառութիւնը, նոյնպէս ալ 2011ը Հայ Մանուկի տարի հռչակելու Արամ Ա. կաթողիկոսի որոշումը հովուապետական այցելութեան առիթով գործնական արտայայտութիւն կը գտնէ՝ մէկէ աւելի ձեռնարկներով ու այցելութիւններով։ Այս ծիրին մէջ ու Կլենտէյլի «Մեմորիըլ» հիւանդանոց իր այցելութենէն քանի մը օր ետք, վեհափառը Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 13ի կէսօրին այցելեց Հոլիվուտի Մանկանց հիւանդանոցը (Childrens Hospital) եւ աղօթք ու օրհնութիւն բաշխեց հիւանդ մանուկներու, անոնց ծնողներուն ու հիւանդանոցի անձնակազմին։
Առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան, Ազգ. կեդրոնական վարչութեան ու թեմի ժողովականութեան ներկայացուցիչներ կը գտնուէին վեհափառի կողքին։ Հիւանդանոցի մուտքին, հայրապետական շքախումբը դիմաւորուեցաւ նահանգային խորհրդարանի անդամ Քեվըն տը Լէոնի, հիւանդանոցի հոգեւոր հարցերու պատասխանատու Տակմար Կրեֆի, փոխնախագահ Կէյլ Մարկոլիսի եւ այլ պատասխանատուներու ու հայ բժիշկներու կողմէ, ապա առաջնորդուեցաւ կարգ մը սենեակներ՝ այցելելու համար խնամք ստացող մանուկներու։ Անոնց շարքին էր յատուկ խնամքի կարօտ նորածին մը։
Հիւանդներուն այցելելէ ետք, վեհափառն ու ընկերակիցները պատշաճ հիւրասիրութեան արժանացան հիւանդանոցի պատասխանատուներուն կողմէ։ Հիւրընկալներու ողջոյնի խօսքերուն ի պատասխան, վեհափառը դրուատիքով արտայայտուեցաւ բժիշկներուն, հիւանդապահներուն ու առհասարակ հիւանդներու կարիքները հոգացող անձնակազմին մասին՝ վեր առնելով անոնց անխտրականութեամբ սպասարկելու ոգին ու նուիրեալ աշխատանքը։ Ան շեշտեց, որ Ամերիկայի մեծութիւնը կը կայանայ բազմաթիւ ազգերու, մշակոյթներու եւ լեզուներու համերաշխ գոյակցութեան մէջ, ինչ որ, ահաւասիկ, արտայայտութիւն կը գտնէ այս հիւանդանոցի ծառայական կեանքին ճամբով։ Ան նկատել տուաւ, որ մարդիկ ու յատկապէս հիւանդներ, ֆիզիքական խնամքի կողքին, կը կարօտին նաեւ հոգեւոր ու բարոյական խնամքի, զօրակցութեան, աշխատանք՝ որուն մէջ բժիշկ ու հոգեւորական լծակից են իրարու, իսկ այս երկուքին միջեւ գործակցութիւնը կը յուսադրէ մարդը։
Հանդիպումը վերջ գտաւ յուշանուէրներու փոխանակումով։