
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականը կը զբաղեցնէ 46րդ տեղը Ֆութպոլի միջազգային դաշնակցութեան՝ ՖԻՖԱի կողմէ Հոկտեմբեր 19ին հրապարակուած Ֆութպոլի ազգային հաւաքականներու վարկանշային ցուցակին մէջ: Մեր խումբը ունի 608 միաւոր: Նախկին դասաւորումով, Հայաստանի հաւաքականը կը գրաւէր 44րդ դիրքը:
Այս ցուցակը 1624 միաւորով կը գլխաւորէ Սպանիոյ խումբը, 2րդ դիրքի վրայ է Հոլանտայի հաւաքականը՝ 1425 միաւորով, 3րդ տեղի վրայ՝ Գերմանիան՝ 1210 միաւորով: Ռուսիոյ խումբը 975 միաւորով կը գրաւէ 13րդ, Վրաստանի հաւաքականը՝ 475 միաւորով 67րդ, իսկ Ատրպէյճանի խումբը՝ 265 միաւորով 117րդ տեղը: