ՆԻՒ ԵՈՐՔ, «Էյ.Փի.».- Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա, ամերիկեան «Էյ.Պի.Սի.» պատկերասփիւռի կայանէն սփռուած հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ տնտեսական կացութեան նկատմամբ ամերիկացիներուն դժգոհութեան պատճառով, 2012ի նախագահական ընտրութիւններուն ընթացքին մրցակցութիւնը շատ սուր պիտի ըլլայ, եւ միաժամանակ աւելցնելով. «Կը կարծեմ, որ մեր որդեգրած ընտրանքները լաւագոյնն էին, սակայն կը շարունակենք դժուար կացութենէ անցնիլ»։
Օպամա կոչ ըրաւ ամերիկացիներուն, որ քոնկրեսականներու վրայ ճնշում բանեցնելով՝ ապահովեն վաւերացումը աշխատանքի յաւելեալ կարելիութիւններ ստեղծելու նպատակով իր առաջադրած բանաձեւէն որոշ մասեր:
Յայտնենք, թէ 447 միլիառ տոլարնոց բանաձեւը ձախողութեան մատնուեցաւ հանրապետականներուն կողմէ:
Պատասխանելով անգործութեան մասին հարցումի մը, որ ըստ ամերիկացիներու 55 առ հարիւրին, պատճառ պիտի դառնայ Օպամայի պարտութեան՝ նախագահը յայտնեց, որ տնտեսութեան պատճառով չընտրուելու հաւանականութիւնը մեծ է, աւելցնելով, թէ ամերիկացիները պէտք է տեղի ունենալիք քննարկումին մեծ ուշադրութիւն դարձնեն, «որովհետեւ այդ մէկը ոչ միայն յառաջիկայ չորս տարիներուն, այլ 20-30 տարիներուն վրայ պիտի ազդէ»: